Դեկտեմբեր 6ին Երեւանի մէջ, պիտի ներկայացուի Յովհաննէս Տէր Մարտիրոսեանի յայտնի Ա-Տօ անունով «Մեծ Դէպքերը Վասպուրականում, 1914-1915 թուականներին» հատորը: Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ Լոնտոնի մէջ գործող «Կոմիտաս» հիմնարկի տնօրէն՝ Արա Սարաֆեանէն, որ պիտի ներկայացնէ հատորը: Պատմաբանը, որ հայերէնէ անգլերէնի թարգմանած է նշեալ հատորը, յայտնեց թէ Van 1915 գիրքը կը կարեւորուի այն փաստարկով, որ ցարդ պատմագիտական շրջանակներուն մօտ եղող անգլերէն սկզբնաղբիւրներու առումով պիտի ըլլայ նորութիւն: Ան նշեց նաեւ, որ նման հատոր մը նպատակ ունի հայոց ցեղասպանութիւնը մինչեւ օրս ուրացող կարգ մը պատմաբաններուն համար պատմական ճշմարտութիւնները աչքի առջեւ ունենալու համար կարեւոր ուղեցոյց մը հանդիսանալ:
Սարաֆեան նշեց նաեւ, որ Օսմանեան կայսրութեան 1915 թուականի ժամանակաշրջանը, յաճախ հանդիսացած է պատմաբաններու ուշադրութեան առարկայ եւ այս առումով ալ Յովհաննէս Տէր Մարտիրոսեանի, առաջին անգամ Երեւանի մէջ, 1917 թուին, արեւելահայրէնով տպագրուած հատորը պիտի համարուի կարեւոր սկզբնաղբիւր, որուն շնորհիւ ալ հայոց ցեղասպանութեան փաստերը հաւաքագրող եւ այդ ժամանակաշրջանի դէպքերը լոյսին հանող պատմաբաններուն համար պիտի հանդիսանայ իւրայատուկ եւ շահեկան սկզբնաղբիւր:
Նշենք, որ ձեռնարկը տեղի պիտի ունենայ 6 Դեկտեմբեր, 2017ին, Երեւանի ազգային գրադարանէն ներս:
Կը հիշեցնենք, թէ 1917թ. դեկտեմբերի 29-ին Խորհուրդային Ռուսաստանի Ժողկոմխորհի կողմիէ ընդունուած «Թուրքահայաստանի մասին» (Արևմտեան Հայաստան) Դեկրետով ճանչցուած է Թուրքահայաստանի (Արևմտեան Հայաստան) հայութեան ազատ ինքնայ որոշման իրաւունքը՝ ընդհուպ մինչեւ լիակատար անկախութեան: Իսկ 1920թ. հունուարի 19-ին՝ Փարիզի Վեհաժողովի ժամանակ, Դաշնակից Տերութիւններու Գերագոյն Խորհուրդը դե ֆակտո (de facto) եւ 1920թ. Մայիսի 11-ին՝ Սան-Ռեմոյի համաժողովի ժամանակ դե յուրէ (de jure) ճանաչցուեցաւ այն՝ որպես անկախ և ինքնիշխան պետություն, որու սահմանները Թուրքիոյ հետ 1920թ. նոյեմբերի 22-ին սահմանագծած է ԱՄՆ-ի նախագահ Վուդրո Վիլսոնը:
Պարտադիր է նշել, որ Արևեւմտեան Հայաստան Պետութիւնը ՄԱԿ-ի կողմէ չի ճանչցուած՝ Թուրքիոյ կողմէ ձեռբակալուած ըլլալու պատճառով:
Կը հիշեցնենք, թէ 1894-էն միչեւ 1923թ. Արեւմտեան Հայաստանի գրաուած տարածքներուն մէջ թուրքական երեք կառաւարութեան կողմէ բնիկ հայ ժողովուրդը ենթարկուած է Ցեղասպանութեան: