Յունուար 20-ին 2024թ. Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան առաջին նախագահ՝ Արմենակ Վրեժի Աբրահամեան Հանրապետութեան նախագահին լիազորութիւնները դադարեցուցած է։ Լիազորութիւնները դադարեցնելու պատճառն այն է, որ միեւնոյն անձը չի կրնա աւելի, քան երկու անգամ անընդմէջ ընտրուած Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ։
Արմենակ Աբրահամեան իր ելոյթին մէջ նշած է, որ իր կառաւարման շրջանը պայքարած է յանուն միասնական Հայաստանի։
«Հայը բնիկ է եւ բնիկ ալ պիտի մնա: Սա գաղափարով է պայմանաւորուած Արեւմտեան Հայաստանին հասնելու ամէնեն կարճ ճանապարհը: Այդ բնիկ ըլլալու պատճառով է, որ հայերուն փորձեցին բնաջնջիլ: Այսօր մեր բնիկութիւնը ճանաչուած է ՄԱԿ-ի անդամ֊պետութիւններու մեծամասնութեան կողմէն: Քեսապէն Արցախ գտնուող տարածքները հայն է ապրած», – ըսած է Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան առաջին նախագահը: Արմենակ Աբրահամեան նաեւ կարեւորեց ՄԱԿ-ի՝ բնիկ ժողովուրդներու բաժինը արեւմտահայերուն գործունեութիւնը. «Մենք որոշեցինք պաշտպանիլ մեր իրաւունքերը ՄԱԿ-ին միջոցով, որպէսզի պետութիւնները օգնեն մեզի մեր իրաւունքներն հաստատիլ»:
Արմենակ Աբրահամեանին ելոյթէն ետք ԱՀՀ ԱԺ պատգամաւորները ընտրեցին Հանրապետութեան նոր նախագահ։ Նախագահիմ միակ առաջադրուած թեկնածուն՝ Լիդիա Մարկօսեանն էր՝ ԱՀՀ արտաքին գործերու նախկին նախարար։
Քւեարկութեան արդիւնքը ( 0 դէմ, 5 ձեռնպահ, 45 կողմ) 62 պատգամաւորներեն Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան երկրորդ նախագահ ընտրուեցաւ Լիդիա Մարգօսեան։
Այնույետեւ, օրէնքով սահմանուած կարգով, նօրընտիր նախագահ Լիդիա Մարգօսեան երդուեցաւ, որ անվերապահօրէն կատարելու է Սահմանադրութեան պահանջները,որոնց մեջ կը մտնեն. յարգիլ մարդու եւ քաղաքացու իրաւունքներն ու ազատութիւնները, ապահովիլ Հանրապետութեան ինքնիշխանութիւնը, անկախութիւնը, տարածքային ամբողջականութիւնն ու անվտանգութիւնը։
