Յունուար 20-ին՝ Երեւանին մէջ, տեղի ունեցավ Արեւմտեան Հյաստանի Ազգային ժողովի երրորդ գումարման շրջանի պատգամաւորներու երդման արարողութիւնը։ Արարողութեան սկիզբը ողջոյնին խօսքով յանդէս եկաւ Ազգային ժողովին պատգամաւոր պարոն Վրէժ Աբրահամեան։ Վրէժ Աբրահամեան իր խօսքը նշեց, որ իր պաշտօնաւարման երկրորդ ժամկետն աւարտուեցաւ, բայց նա դեռ ցանկութիւն ունէ շարունակիլ աշխտիլ երրորդ գումարման Ազգային ժողովին մէջ։
«Յարգելի պատգամաւոներ, յարգելի եղբայրներ եւ քոյրեր
Շմոռնանք մեր հարգելի յանգուցեալները, առանց որոնց չէինք կրնա շարունակիլ մեր պայքարը յանուն մեր երկրի՝ Արեւմտեան Հայաստանի ապագայի։
Յակիրճ ըսած, իմ պաշտօնավարման երկրորդ ժամկետն աւարտուեցաւ, բայց ես դեռ ցանկութիւն ունիմ շաունակելու եւ գործելու երրորդ ժամկետին ատեն։ Այս տարի մեր՝ Արեւմտեան Հայաստանի հայրենասիրական եւ կրօնական արարողութիւններուն ատեն դրոշակակիրին պատւոյ առաքելութենէզատ, մենք ունեցանք նաեւ շարք մը այլ ձեռքբերումներ եւ յաջողութիւններ ։
Ընդհանուր առմամբ մենք ունեցանք 45 այցեր եւ շարք մը համաձայնագիրներ, որոնց մասին համապարփակ ներկայացուցինք քաղաքային խորհուրդին։ Մենք յարգանքի տուրք մատուցեցինք Անտիք՝ հայերու դէմ իրականացուած ցեղասպանութեան զոհերուն յիշատակը՝ բացելով յատուկ յուշարձան, որուն ներկա էին քաղաքական եւ ռազմական իշխանութիւններու ներկայացուցիչներ՝ քաղաքապետ պարոն Ժան Լեոնետտին, Ալպերին ռազմածովային շրջանի կառավաութեան անդամ պարոն Էրիկ Պոժեն, Արեւմտեան Հայաստանի նախագահ պարոն Արմենագ Աբրահամեան եւ բարձրաստիճան այլ այրեր։ Մենք հասանք անոր նաեւ, որ քաղաքապետին խօստումով Անտիքին մէջ 2024 թուականին կբացուի փողոց՝ ի պատիւ ֆրանսիական դիմադութեան մարգարիտ՝ Միսաք Մանուշեանի։ Մեր վճռականութիւնն ու նւիրուածութիւնը պարգեւատրուեցան Ֆրանսիոյ Հանրապետութեան պատասխանատու իշխանութիւններու կողմէն։
Ուրեմն շարունակենք մեր պայքարը՝ բարձր եւ յստակ քայլերով. Կէցցե՛ Արեւմտեան Հայաստանը։
Վրէժ Աբրահամեան
Արեւմտեան Հայաստանի խորհրդարանի պատգամաւոր»
Պարոն Վրէժ Աբրահամեան նշեց, որ Արեւմտեան Հայաստանը յասաւ անոր, որ քաղաքապետին խօստումով Անտիքին մէջ 2024 թուականին կբացուի փողոց՝ ի պատիւ ֆրանսիական դիմադութեան մարտիկ Միսաք Մանուշեանի։ Վրէժ Աբրահամեանին ողջոյնին խօսքէն ետք տեղի ունեցաւ Պատգամաւորներու երդման արարողութիւնը։ Պատգամաւորներու երդման արարողութենէ ետք ելոյթ ունեցաւ Արեւմտեան Հաաստանի երկրորդ գումարման Ազգային ժողովի Նախագահ Նէլլի Յարութունեան, ով Յունուար 20-ին Արեւմտեան Հայաստանի 3-րդ գումարման նստաշրջանի անդրանիկ նիստին ատեն վերընտրուեցաւ խորհրդարանին նախագահ։
