ԱՀՀ Ազգային խորհուրդի նախագահ Արմենակ Աբրահամեանին ելոյթը՝ բնիկ ժողովուրդներու իրաւունքներու փորձագիտական ​​մեխանիզմին 17-րդ նիստին

  • by Editbeglari, July 09, 2024 in Ազգային Խորհուրդ
294 դիտում

https://youtu.be/4h5ZE84YisQ?si=O4M3mP-Qi7AvTwqm

Սահմանադրութիւններու, օրէնքներու, օրենսդրութեան, քաղաքականութեան, դատական ​​որոշումներու եւ մեխանիզմներու վերաբերեալ ուսումնասիրութիւն եւ խորհրդատւութիւն, որոնց վրայ պետութիւնները կը հենուին Բնիկ ժողովուրդներու իրագունքներու մասին ՄԱԿ-ի հռչակագիրով սահմանուած նպատակներուն հասնելու համար՝ ի կիրառում նշուած Հռչակագիրին 38-րդ յօդուածի: – 3 վայրկեան

Բարի լոյս, տիկին նախագահ, թոյլ տուէք շնորհաւորիլ Ձեզի ընտրուելու կապակցութեամբ։

«Քանի մը տասնամեակ, մենք բոլորս աշխտած եւ նուիրուած ենք մեր օրերն ու գիշերներն՝ ապահովելու, որ ՄԱԿ-ը 2007ին 13 Սեպտեմբերին  ընդունէ Բնիկ ժողովուրդներու իրաւունքներու հռչակագիրը»: Ասանկ իր խօսքը սկսած է ԱՀՀ Ազգային խորհուրդի Նախագահ Արմենակ Աբրահամեան Ժնեւին մէջ տեղի ունեցող բնիկ ժողովուրդներու իրաւունքներու փորձագիտական ​​մեխանիզմին 17-րդ նիստին։

Այս ամսաթիվը եւ այս հռչակագիրը պետք է հիմք դնեին բնիկ ժողովուրդներու նկատմամբ ՄԱԿ-ի անդամ երկրներու վերաբերմունքին փոփոխութեանը։ Շեշտած է, որ բնիկ ժողովուրդներն ունին իրենց ազգային պատկանելութեան եւ այն հողերու, տարածքներու եւ ռեսուրսներու իրաւունքը, որոնց անոնք աւանդաբար կը պատկանեն:

«Մենք կրնայինք յուսալ, որ կդադարեցնենք գենետիկական աղբիւրներու ոչնչացումը, խտրականութիւնը, ցեղասպանութիւնը, էթնիկ զտումներն այս աշխարհին մէջ, որը մենք բոլորս կը պաշտպանենք, քանի որ հոս ենք ատոր համար, մենք կրնանք յիշել 38-րդ յօդուածը»,- ըսած է ան:

Անոր խօսքով՝ այնուամէնայնիւ, անցեալ Յուլիսին, հէնց այս տեղը, դատապարտած է Բաքուի զինոյժին կողմէն 120,000 բնիկ հայերու շրջափակումն ու պատանդ վերցնիլը եւ Արցախի բնիկ հայ բնակչութեան դէմ Բաքուի ցեղասպան մտադրութիւնը։

Կը շարունակէ՝ 2023 29 Սեպտեմբեր, այդ բողոքէն գրեթէ 2 ամիս անց, ցեղասպանութեան մտադրութիւնը վերածուեցաւ ցեղասպանութեան յանցագործութեան, որու արդիւնքը տեղի ունեցաւ 120,000 բնիկ հայերու էթնիկ զտումներ, որոնք կը յիշեցնէին Արեւմտեան Հայաստանին մէջ 1894-էն 1923 թուականներու հայերու դէմ իրականացուած ցեղասպանութիւնը։ 

«Եւ չնայած ատոր, այս պետութիւնը, որը խախտած է ՄԱԿին կանօնադրութիւնը եւ համապատասխան համաձայնագիրները, կը շարունակէ մնալ այս հռչակաւոր կազմակերպութեան անդամ»,- յաւելած է Արմենակ Աբրահամեան։

Ան ընդգծած է, որ քանի մը հարցում են ղրկած գլխաւոր քարտուղարին եւ յատուկ զեկուցողներուն։

«Ես ղրկած եմ երկու զեկոյց, որոնցմէ մէկը տեղադրուած է համացանցը, բայց արձագանք մը չկայ: Ուստի ես որոշեցի դիմել դատարան, մասնաւորապէս՝ Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարան՝ արդարութեան հասնելու համար»,- նշած է Նախագահը։

Այդ իսկ պատճառաւ Արմենակ Աբրահամեան կոչ կ՚ընէ ՄԱԿ-ին դատապարտիլ բնիկ ժողովուրդներու դէմ ցեղասպանութեան յանցագործութիւնները, աւելի կոշտ դիրքորոշում ընդունիլ ահաբեկչական պետութիւններու դէմ՝ ստեղծելով յատուկ հանձնաժողով, որը կքննարկէ բնիկ ժողովուրդներու խնդրանքը՝ նման յանցագործութիւններու կատարման պարագային գործերը Միջազգային դատարան ղրկելու վերաբերեալ, եւ անյապաղ քայլեր ձեռնարկիլ Բաքուին պատասխանատւութեան ենթարկելու իր ցեղասպանական ագրեսիային համար:

«Այսպիսով, դուք բոլորդ, ովքեր ներկայ եք հոս, անցեալ տարի, անմիջական վկան եք եղած իմ բողոքիս եւ Արցախին մէջ իմ բնակչութեանս էթնիկ զտումներու, որն այսօր հանգեցուցած է մեր ողջ դարաւոր ժառանգութեան համակարգուած ոչնչացմանը, այլ կերպ ասած՝ հայ բնակչութեան գոյութեան բոլոր հետքերու ամբողջական ջնջում իրենց հողերէն»,- ընդգծած է Արմենակ Աբրահամեան։

Չնայած այս ամէնին, ան նշած է վճռականութեան մասին․ Բաքուի կողմէն Արցախին մէջ բնակուող բնիկ հայերու նկատմամբ իրականացուած սարսափելի վայրագութիւնները, էթնիկ զտումները, հողերու, տարածքներու եւ ռեսուրսներու իւրացումը չեն ժխտէր հայերու խաղաղ եւ ազատ ապրելու իրաւունքը, հայրենիքին, իրենց հաւատքը գործադրելու, անոնց սովորոյթներուն հետեւելու եւ մայրենի լեզուով խօսելու համար:

https://youtu.be/4h5ZE84YisQ