Ամրապնդիլ բնիկ ժողովուրդներու մասնակցութիւնը Միաւորուած ազգերու կազմակերպութեան մէջ․ Կետ 9 

  • by Editbeglari, July 13, 2024 in Ազգային Խորհուրդ
315 դիտում

https://www.youtube.com/watch?v=FHzEd3uqAew

Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահ Լիտիա Մարկոսեան ալ նախ եւ առաջ շնորհակալութիւն է յայտնած Medpa-ի մարմնին, որը կը շարունակէ իր արժանապատիվ աշխատանքը, յրաւիրելով բնիկ ժողովուրդներուն տեղեկացնելու իրենց իրավիճակին մասին՝ կապուած իրենց առջեւ ծառացած կոպիտ խախտումներուն եւ նպաստելու աւելի լաւ ապագային համար պայմաններ ստեղծելու մեխանիզմներու որոնմանը։

Շեշտած է՝ խաղաղութեան ձայնը բարձրցնելու համար անհրաժեշտ է երկխօսութիւն, մասնաւորապէս, Մարդու իրաւունքներու խորհուրդին մէջ, որպէսզի վերահաստատուի, որ խաղաղութեան պայմանները գոյութիւն ունին եւ ամրագրուած են միջազգային խաղաղութեան պայմանագրերու մէջ, որոնք պետք է կիրառուեն՝ պատերազմներու եւ շարունակական ցեղասպանութիւններու պարագային։ 

Շարունակելով խօսքը՝ Լիտիա Մարկոսեան ըսած է, որ բնիկ ժողովուրդները պետք է անցնին նօր փուլ եւ լիարժեքօրէն մասնակցեն քննարկումներուն, բանաձեւերուն, որոշումներուն, քանի որ քննարկուող խնդիրները ուղղակիօրէն կը վերաբերեն անոնց, եւ անոնց ներդրման լոյսի ներքոյ հնարաւոր է գտնիլ փոխզիջումային լուծումներ։

«ՄԱԿ-ի համակարգին մէջ բնիկ ժողովուրդներու մասնակցութեան ամրապնդման ջատագովութիւնը կէնսական նշանակութիւն ունէ ընդհանուր բարօրութեան համար, երբ անոնց գոյութեան ժխտումը, լեզուի գոյութեան ժխտումը, խտրականութիւնը, ռասիզմը, անոնց բնակչութեան սպանութիւնը անոնց առօրեան է»,- ըսած է ան ու յաւելած, որ այս մարդկային նուաստացումը պետք է շտկուի ՄԱԿ-ի ամէնաբարձր շրջանակները:

Լիտիա Մարկոսեան ընդգծած է 1987թ. Յունիսը ընդունուած Եւրոպական խորհրդարանի բանաձեւը, որը կը նշէ, որ ցեղասպանութեան ենթարկուած ժողովուրդը ոչ մի հատուցման մեխանիզմին իրաւունք չունէ եւ չի կրնար ներկայացնիլ  քաղաքական, իրաւական կամ նիւթական պահանջ մը իր դահիճին։

«Աս ամէնափոքրն բանն է, որ մենք կրնանք ընիլ այն ազգերու համար, որոնք դարձած են որբ ազգեր, եւ որոնց սերունդները ներկայ են հոս՝ լսելու իրենց նախնիներու աղաղակը, որոնք տեղահանուած եւ բնաջնջուած են»,- ամփոփելով խօսքը նշած է Լիտիա Մարկոսեան։