Արեւմտեան Հայաստանի բնիկ հայ ժողովուրդի իրաւունքներու համատեքստը արդիական է բանակցութիւններ սկսիլ տարածաշրջանը կաիւն խաղաղութեան համար, հիմնուած միջազգային իրաւունքին վրայ, որով 1920 ին ճանաչուած է հայկական պետութիւնը, որու իրաւայաջորդն ալ կը հանդիսանայ Արեւմտեան Հայաստանը։ Ասոր մասին Ժնեւին մէջ ըսած է Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահ Լիտիա Մարկոսեան։
Անոր խօսքով՝ չնայած այս հանգամանքին, 104 տարի Արեւմտեան Հայաստանի բնիկ հայ ժողովուրդը կը շարուակէ ենթարկուիլ թիւրքական զինուած ոյժերու կողմէն Արեւմտեան Հայաստանի, իսկ 1921էն ատրպէյճանական զինուած ոժերու կողմէն Արցախի տարածքներու անօրինական բռնազաւթումին, ինչը հանգեցուցած է փուլային ծրագրերով ցեղասպանութեան շարունակութեանը, որը դէմ է միջազգային իրաւունքին։
«Անկախ ամէն ինչէն, Արեւմտեան Հայաստանի մեր ազգային վերականգնման մեխանիզմները կը գործեն՝ ըստ ՄԱԿ-ի բնիկ ժողովուրդներու իրաւունքներու հռչակագիրի, ինչին արդիւնքը ձեւաւորուած է մեր բնիկ պետութիւնը եւ անոր կառոյցները՝ կառավարութիւնն ու խորհրդարանը»,- ընդծած է ան:
Լիտիա Մարկոսեան նշած է, որ զինքը տրուած մանդատին շրջանակները, մարդու իրաւունքներու խորհուրդին խնդրած է քննարկումներու մէջ ընդգրկիլ միջազգային իրաւունքի անհամաձայնութեամբ հայկական տարածքներու բռնազաւթումին հարցը եւ հետեւաբար ՄԱԿ-ի ֆորումներու մէջ պայմանագրերու պահպանումը:
Անցեալ տարի ներկայացուած այս խնդրանքին Նախագահն աւելացուցած է իրաւաբանական ամբողջական փաթեթը, ներառեալ Նախագահ Վուդրո Վիլսոնին որոշումը, որու մէջ յստակ նշուած է Թիւրքիոյ եւ Արեւմտեան Հայաստանի միջեւ միջազգային սահմանը և գործել հօգուտ խաղաղ բանակցութիւններու Սեւրի դաշնագիրին 92-րդ յօդուածով։
Կը շարումակէ՝ աս խնդրանքն այլ բան մը չէ, քան Սեւրին դաշնագիրին ամբողջական կիրառման անհրաժեշտութըւնը, քանի որ այդ դաշնագիրին յօդուածները կիրառուած են բոլոր մասնակից երկրներու համար բացառութեամբ Հայաստանի:
«Այս առիթաւ կը յիշեցնեմ, որ Պաղեստինը, որը նոյնպէս դիտորդ պետութիւն մըն է ՄԱԿ-ին մէջ, կը յիմնաւորէ իր իրաւունքները Սեւրին պայմանագիրին հիման վրայ: Կը յիշեցնեմ նաեւ, որ բազմաթիվ պետութիւններ, այդ թիվը Սիւրիոն, Իրաքը կամ Սաուդեան Արաբիան (Հիջազ), որոնք եւս ՄԱԿ-ին անդամ պետութիւններ են, կը յիմնաւորեն իրենց իրաւունքները Սեւրի դաշնագիրին հիման վրայ»,- յաւելած է ան:
Անոր խօսքով՝ Սեւրին դաշնագիրին կիրառումը մեր նկատմամբ պետք է վերականգնուի, քանի որ այդ միջազգային խաղաղութեան պայմանագիրն իրմէ կը ներկայացնէ հայերու դէմ իրականացուած ցեղասպանութեան վնասի հատուցման հետագայ գործողութիւն: Մեր մարդկութեան արժանապատւութիւնը կախուած է միջազգային իրաւունքին կիրառումէն առանց որու կաիւն խաղաղութիւն չի կրնար ըլլալ այս տարածաշրջանին մէջ:
