Ատրպէյճանի պատասխանը Արեւմտեան Հայաստանին ՄԱԿ-ին շրջանակները  

  • by Editbeglari, July 16, 2024 in Ազգային Խորհուրդ
478 դիտում

Ժնեւին մէջ տեղի ունեցող բնիկ ժողովուրդներու իրաւունքներու փորձագիտական ​​մեխանիզմին 17-րդ նիստին Բաքուի ներկայացուցիչը պատասխանած է Արեւմտեան Հայաստանի պատւիրակութեանը։

Անոր խօսքով՝ Արեւմտեան Հայաստանի հայեր կոչուող կառոյցն իբր շարունակաբար կը չարաշահէ այս կարեւոր հարթակը՝ քաղաքական նպատակներու համար՝ աջակցելով ապօրինի բռնազաւթումին եւ անջատողականութեանը, ինչը բացարձակապէս անընդունելի է։ 

Արեւմտեան Հայաստանին կ՚անուանէ անյայտ կառոյց ու կը նշէ, որ այդ կառոյցը ներկայացնող անձն իբր կ՚օգտագործէ հարթակն իրենց երկրին դէմ՝ տարածելով ապատեղեկատուական զրպարտիչ յայտարարութիւններ։

Շարունակելով ելոյթն ըսած է, որ ո՛չ այս կառոյցը, ո՛չ ալ յայտարարութիւնը կապ մը չունին բնիկ ժողովուրդներու հետ:

Կասկածին  տակ կը դնէ այն, որ ԱՀՀ Նախագահ Լիտիա Մարկոսեան եւ ԱՀՀ ԱԽ Նախագահ Արմենակ Աբրահամեան Արեւմտեան  Հայաստանի ներկայացուցիչներ են։ Կը պնդէ, թէ իբրեւ օտարերկրեա գործակալներ  են սփիւռքահայերու կողմէն, ովքեր կը խաթարեն խաղաղութեան օրակարգին կառուցումը  տարածաշրջանին մէջ։

Բաքուի ներկայացուցչի խօսքով՝ Ղարաբաղը միջազգայնօրէն ճանաչուած ատրպէյճանի ինքնավար տարածք է, իսկ ատրպէյճանի տարածքին նկատմամբ գոյութիւն չունեցող աշխարհագրական անուանումներու օգտագործումը կասկածին տակ կը դնէ անոր ինքնիշխանութիւնն ու տարածքային ամբողջականութիւնն, որը կը յակասէ ՄԱԿ֊ի կանօնադրութեանը։

Բաքուն կը վստահեցնէ, որ ունէ բազմամշակութային եւ բազմազգ հասարակութիւն եւ կը կիրառէ  հաւասար իրաւունքներ ազգային փոքրամասնութիւններու նկատմամբ, ովքեր կ՚ապրեն իրենց տարածաշրջանը։

Բռնապետական երկրի ներկայացուցիչը կը յորդորէ  գիտաժողովին մասնակիցներուն զերծ մնալ սադրիչ յայտարարութիւններէն, որոնք կը յակասեն ՄԱԿ֊ին կանօնադրութեանը եւ կը խախտեն միջազգային իրաւունքին նորմերն ու սկզբունքները։ 

Իսկ վերջը անհեթեթ խօսքով աւարտած է ելոյթը՝ նշելով, որ թէ իբրեւ բնիկ ատրպէյճանցիները զրկուած են իրենց նախնիներու հողերէն եւ ունեցուածքէն էթնիկ զտումներու պատճառով եւ որ ներկայիս Հայաստանի տարածքը գտնուող պապենական հողեր վերադառնալու անկարողութիւնն անարդարացի է, որը պետք է լուծուի մարդու իրագունքներու մեխանիզմին եւ բարձրագոյն մարմիններու միջոցով։