Ես երկար տարիներ կապուած եմ եղեր հայկական հարցի հետ. Բրիջիթ Դեւեսա 

  • by Editbeglari, December 21, 2024 in Ազգային Խորհուրդ
229 դիտում

17 Դեկտեմբերին Ժնեւի մէջ նշուեց Արեւմտեան Հայաստանի Ազգային խորհուրդի հռչակագրի 20-ամեակը։ Աս միջոցառմանը մասնակցեց նաեւ Ֆրանսայի Սենատի անդամ Բրիջիթ Դեւեսան։ Ելոյթի ընթացքը ան ընդգծեց իր  աջակցութիւնը հայկական գործին եւ իր սերտ կապը Հայաստանի հետ։

«Պատիվ է այսօր ըլլալ Ժնեւի մէջ՝ մասնակցելու աս կարեւոր միջոցառմանը», – ըսաւ տիկին  Բրիջիթ Դեւեսան։ Ան շնորհակալութիւն յայտնեց Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Լիտիա Մարկոսեանը եւ Ազգային խորհուրդի նախագահ Արմենակ Աբրահամեանը միջոցառման յրաւերի համար։

«Ես երկար տարիներ կապուած եմ եղեր հայկական հարցի հետ», – նշեց Բրիջիթ Դեւեսան՝ յաւելելով, որ իր ընտանիքի փոքր յատուած մը Հայաստանէն է։ Ան ընդգծեց, որ ծանոթ է այն մարտայրաւերները, որոնց հայկական կողմը բախուած է տարիներ շարունակ։

Ֆրանսայի Սենատի մէջ Հայաստանի հետ կապերն ամրապնդելու հարցի մէջ Բրիջիթ Դեւեսան կարեւորեց «Ֆրանսա-Հայաստան» բարեկամութեան խումբը, սակայն ափսոսանք յայտնեց, որ Արեւմտեան Հայաստանի հարցերը յաճախ չեն քննարկուեր։ «Պետք է համբերատար ըլլալ եւ շարունակիլ միասին աշխտիլ՝ փորձելով բացատրիլ պատմական իրողութիւնները։ Ատ կարեւոր է ոչ միայն Հայաստանի, այլեւ Եւրոպայի եւ Ֆրանսայի ապագայի համար», – ըսաւ ան։

Ամփոփելով իր խօսքը, տիկին  Բրիջիթ Դեւեսան վերահաստատեց իր աջակցութիւնը Արեւմտեան Հայաստանի Ազգային խորհուրդին. «Ձեր քովն եմ եւ պատրաստ եմ աջակցիլ ձեզի՝ իմ յնարաւորութիւններուս սահմաններու մէջ։ Շնորհակալութիւն ձեզի ձեր անկոտրում կամքի համար»։