ԱՀՀ Ազգային խորհուրդի Նախագահ Արմենակ Աբրահամեան Ժնեւին մէջ տեղի ունեցող բնիկ ժողովուրդներու իրաւունքներու փորձագիտական մեխանիզմի 17-րդ նիստին քանի մը ուշագրաւ փաստեր է ներկայացուցած FAO-ի կայքէն:
Եւ ասանկ, 2021թ.-ի դրութեամբ աշխարհին մէջ սնունդի եւ գիւղատնտեսութեան մէջ օգտագործուող կաթնասուններու եւ թռչուններու ընդհանուր 8․771 ցեղատեսակներէն 2․281-ը գնահատուած է որպէս վտանգուած եւ 619-ը՝ որպէս ոչնչացած։ Կայ մօտ 400․000 բուսատեսակ։ Կայ աւելի քան 60․000 ծառատեսակ։ Կայ աւելի քան 160․000 տեսակ ձուկ, փափկամարմին, խեցգետին եւ ջրային բոյս։ Միկրոօրգանիզմներն ու անողնաշարաւորներն ամէնաբազմազան տեսակներու խումբերն են Երկրին վրայ։ Սակայն, բակտերիաներու եւ պրոտիստներու 99 %-ը կը մնան անյայտ։
Արմենակ Աբրահամեան նշած է, որ գենետիկ ռեսուրսներու հարցն այս առումով կէնսական է բնիկ ժողովուրդներու համար եւ կարեւոր է անոնց կազմող բջիջներու կեանքին առումով։ Ահա թէ ինչու, թեմաներէն մէկը, որը կրնայ դառնալ աւելի խորացուած ուսումնասիրութեան առարկայ, ատ միջազգային իրաւական գործիքներու միջեւ անհամապատասխանութիւններու բացայայտումն է, որոնք նախատեսուած են Բնիկ ժողովուրդներու, անոնց գենետիկ ռեսուրսներու եւ անոնց ինքնորոշման իրաւունքին համար։
Օրինակ կը բերէ յօդուած 26-ի համապատասխանութիւնը Բնիկ ժողովուրդներու իրաւունքներու հռչակագիրին յօդուածին 26-ին՝
«1.Բնիկ ժողովուրդներն իրաւունք ունին այն հողերու նկատմամբ, տարածքներուն եւ ռեսուրսներուն, որոնք անոնք աւանդաբար տնօրինած են, օգտագործած են կամ ձեռք բերած են»,
«կէնսաբանական բազմազանութեան մասին» համաձայնագորը (CBD), որ պետութիւնները կունենան ինքնիշխան իրաւունքներ իրենց կէնսաբանական ռեսուրսներու նկատմամբ»:
Համապատասխանութիւն «բնիկ ժողովուրդներու իրաւունքներու մասին» հռչակագիրին եւ «սնունդի եւ գիւղատնտեսութեան ֆիլոգենետիկ ռեսուրսներու մասին» միջազգային պայմանագիրին 26-րդ յօդուածին (յօդուած 9): Բնիկ ժողովուրդներու իրաւունքներու մասին հռչակագիրին 26-րդ յօդուածի եւ ԱՄԿ (Աշխատանքի միջազգային կազմակերպութեան) 169 համաձայնագիրին համապատասխանութիւնը (յօդուածներ 13, 14, 15):
Բնիկ ժողովուրդներու իրաւունքներու հռչակագիրին 26-րդ յօդուածի եւ ՄՍՀԿ-ի գենետիկական ռեսուրսներու եւ աւանդական գիտելիքներու մասին պայմանագիրին համապատասխանութիւնը:
Մասնաւորապէս, 2-րդ եւ 4-րդ յօդուածները, որոնք վերջերս ընդունուած են ՄՍՀԿ-ի կողմէն քանի մը բնիկ պատւիրակութիւններու ներկայութեամբ, բայց առանց կոնսենսուսի գենետիկական ռեսուրսներու սեփականատերերու իրաւունքներու եւ աւանդական գիտելիքներու վերաբերեալ:
Բնիկ ժողովուրդներու իրաւունքներու հռչակագրի 26-րդ յօդուածի եւ ՅՈՒՆԵՍԿՕ-ի ժառանգութեան համաձայնագիրի համապատասխանութիւնը (յօդուածներ 1, 2):
