
Ֆրանսա, Մանտելիէ․ Մանտելիէ-լա-Նափուլի քաղաքապետարանը Սիանի գետի ափերուն վերակառուցման աշխատանքներուն առիթով դիմած է Հայկական Շրջանակին եւ Արեւմտեան Հայաստանի Ազգային Խորհուրդին՝ խաչքարին եւ յուշատախտակին համար նոր վայր մը գտնելու նպատակով։
Կատարուած շարք մը ուսումնասիրութիւններէ ետք, Արեւմտեան Հայաստանի Ազգային Խորհուրդը առաջարկած է խաչքարը տեղադրել Ռոպինսընի զբօսայգիին մէջ՝ ծովափնեայ պողոտայի վրանաշէնքէն շուրջ 50 մեթր հեռաւորութեան վրայ։ Առաջարկուած վայրը կը համապատասխանէր շարք մը կարեւոր պայմաններու․ Սիանի գետին մօտ ըլլալ, խաչքարը դէպի արեւելք՝ ծագող արեւուն կողմը ուղղուած պահել, Մանտելիէի բնակիչներուն անցուդարձին եւ արդէն գոյութիւն ունեցող ենթակառոյցներուն մօտ ըլլալ։ Այս նոր տեղադրութիւնը հնարաւորութիւն պիտի տայ աւելի տեսանելի դարձնելու խաչքարն ու անոր յուշատախտակը՝ նորաստեղծ «Հայաստանի պարտէզ»ին մէջ։
Մանտելիէի քաղաքապետարանը հաւանութիւն տուած է ծրագիրին եւ 2026 թուականի Հոկտեմբեր 22-ին՝ Հինգշաբթի օր, իրականացուցած խաչքարին տեղափոխութիւնը։
Քաղաքապետարանի արհեստագիտական ծառայութիւններուն կողմէ կատարուած տեղափոխութեան ներկայ եղած են քաղաքապետարանի աշխատակազմի ներկայացուցիչներ, Արեւմտեան Հայաստանի Ազգային Խորհուրդի նախագահ Արմենակ Աբրահամեան, Հայկական Շրջանակի նախագահ Քարոլին Օհաննէսեան եւ Հայկական Շրջանակի վարչութեան անդամ Ժերմէն Լըքոք։
Այսուհետ Մանտելիէի բնակիչներն ու շրջանի հայերը կրնան իրենց խաչքարը գտնել Ռոպինսընի զբօսայգիին մէջ՝ Սիանի գետին մօտ։
Խաչքարին պաշտօնական բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը նախատեսուած է կատարել յառաջիկային։
