Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան Երեւանեան գրասենեակին մէջ տեղի է ունեցած ԱՀՀ Ազգային Ժողովի աշխատասենեակի հանդիսաւոր բացման արարողութիւնը: Բացումն ըրած են ԱՀՀ Նախագահ Լիտիա Մարկոսեան եւ Խորհրդարանի նախագահ Նելլի Յարութիւնեան:
«Մեծ պատիվ է ներկայ գտնուելու աս կարեւոր օրը հոս, Ձեզի հետ միասին»,- մինչեւ ժապաւենին կտրման արարողութիւնը նշած է ԱՀՀ Նախագահ Լիտիա Մարկոսեան:
Արարողութեան ներկայ են եղած նաեւ ԱՀՀ Ազգային Խորհուրդի Նախագահ Արմենակ Աբրահամեան, փոխվարչապետ Արման Յակոբեան եւ խորհրդարանի պատգամաւորներ:
