Պարոն Նախագահ, թոյլ տուէ՛ք շնորհակալութիւն յայտնիլ այս քննարկումը կազմակերպելու համար։ Ասանկ է սկսած իր ելոյթն ԱՀՀ Ազգային խորհուրդի Նախագահ Արմենակ Աբրահամեան Ժնեւին մէջ տեղի ունեցող բնիկ ժողովուրդներու իրաւունքներու փորձագիտական մեխանիզմին 17-րդ նիստին։
Նշած է, որ առաջին համաշխարհային պատերազմէն ետք, 1920ին Սեւրի դաշնագիրով, որը ստորագրուած եւ կիրառուած է Դաշնակից եւ Միացեալ ոյժերու կողմէն, Թիւրքիան, ի հետեւանք Արեւմտեան Հայաստանի բնիկ հայերու ցեղասպանութիւնը, կը ճանչնայ հայկական պետութիւնը եւ անոր ինքնիշխանութիւնը:
Այս արբիտրաժային վճիռը ստորագրուած է ԱՄՆ նախագահի կողմէն 1920ին 22 Նոյեմբեր:
Շարունակելով ելոյթն Արմենակ Աբրահամեան շեշտած է, որ 1921էն ի վեր, Արեւմտեան Հայաստանը, որպէս բնիկ պետութիւն, կը շարունակէ բռնազաւթուիթ Թիւրքիոյ եւ Բաքուի կողմէն, ինչպէս Հիւսիսային Կիպրոսը 1974էն:
19 դաշնակից եւ միաւորուած տերութիւններու կողմէն ստորագրուած այս միջազգային խաղաղութեան դաշնագիրին հիման վրայ ԱՄՆ Սենատը Գերագոյն խորհուրդի խնդրանքով կը լիազորէ Միացեալ Նահանգներու 28-րդ նախագահ Վուդրո Վիլսոնին որպեսզի ան արբիտրաժի Արեւմտեան Հայաստանի եւ Թիւրքիոյ միջեւ սահմանագծման հարցը:
Ընդծած է՝ հարցին, թէ արդեոք բոլոր բնիկ ժողովուրդները կը ձգտեն դառնալ բնիկ պետութիւններու ազգեր, կարելի է պատասխանիլ հետեւեալ կերպ:
Բնիկ ժողովուրդներն ազգ են դարձած իրենց պետութեան ճանաչման շնորհիվ, եւ անոնք կը պաշտպանեն այդ կարգավիճակը:
Բնիկ ժողովուրդներն կ՚ապրեն այն պետութիւններու մէջ, որոնք կը ճանչնան իրենց իրաւունքները ՄԱԿ-ի հռչակագիրին այլ իրաւական ակտերու հիման վրայ։
Բնիկ ժողովուրդները կը ցանկնան ազգ դառնալ իրենց պետութեան ճանաչմամբ:
Արմենակ Աբրահամեանին խօսքով՝ այս իրավիճակները պետք է հաշուի առնուեն Միաւորուած Ազգերու Կազմակերպութեան կողմէն՝ հիմնուած համապատասխան իրաւական փաստաթուղթերու վրայ իրենց իրաւունքներու վերանայման համար:
Այս հարցերու վերաբերեալ փորձագիտական մեխանիզմը լրացնող հանձնաժողովին ստեղծումը կ՚ըլլայ բնիկ ժողովուրդներու իրաւունքներու հռչակագիրին շարունակութիւնը՝ այդ իրաւունքներու իրականացման գործընթացին շրջանակները։
