Արցախի ազատագրումը եւ Արեւմտեան Հայաստանի պայքարը.Արմենակ Աբրահամեան

  • by Editbeglari, September 27, 2025 in Ազգային Խորհուրդ
253 դիտում

Արցախի ազատագրումը նաեւ Արեւմտեան Հայաստանի համար մեծագոյն յաղթանակ մըն էր, որովհետեւ այդ տարածքը հիմք տուաւ մեր վերականգնման գործընթացին։ Այդպիսով հնարաւոր դարձաւ պաշտօնական ներկայացուածութիւն ունենալ միջազգային կառոյցներուն մէջ, ներառեալ ՄԱԿ-ը։

Սակայն 2020-ին Թուրքիան, իրավիճակէն օգտուելով, պատերազմ նախաձեռնեց՝ աջակցելու Ատրպէյճանին Արցախի բռնագրաւման գործին։ Այս գործընթացին տարբեր ձեւերով մասնակից եղան նաեւ Արեւելեան Հայաստանի իշխանութիւնները եւ Ֆրանսայի կառավարութիւնը։
Յատկապէս ուշագրաւ է նախագահ Մաքրոնի կողմէ «Բարեկամութեան» խարտիաներու չեղարկումը, որ 2019-ին «կեղծ-իրաւական» հիմք ստեղծեց Պաքուի համար՝ 2020-ին Արցախի վրայ յարձակելու։

Այս զարգացումները ցոյց կու տան, թէ ինչպէս տարածաշրջանին մէջ հանցագործ քայլերը իրարու կը կապուին՝ ստեղծելով վտանգաւոր ճգնաժամեր։ Այժմ շարք մը պետութիւններ կը փորձեն շտկել իրենց իսկ առաջացուցած խնդիրները…

Շարունակելի