Սիրելի հայրենակիցներ, սիրելի արցախահայութիւն,
Այսօր հանդիպում ունեցայ Արեւմտեան Հայաստանի Ազգային Խորհուրդի նախագահ պարոն Արմենակ Աբրահամեանին հետ։ Քննարկեցինք բռնի կերպով տեղահանուած մեր հայրենակիցներուն առջեւ ծառացած խնդիրները։
Տեղեկացնենք, որ պարոն Աբրահամեան արդէն չորս տարիներէ ի վեր կը զբաղի արցախցիներու նիւթական կորուստներու վերականգնման հարցերով՝ ներկայացնելով հայցեր Եւրոպական Դատարանին մէջ Ազրպէյճանի դէմ եւ պաշտպանելով մեր հայրենակիցներու շահերը։ Այս ընթացքին արձանագրուած են մեր հայրենակիցներու հարիւրաւոր դիմումներ, որոնցմէ քանի մը տասնեակ արդէն ընդունուած են Եւրոպական Դատարանին կողմէ։ Յատկապէս կը նշենք՝ մերժումներու ոչ մէկ դէպք եղած է։
Բոլոր այն տեղահանուած արցախցիները, որոնք Արցախի մէջ թողած են իրենց սեփականութիւնը՝ տուն, հողատարածք եւ համապատասխան վկայականներ, կրնան դիմել Արեւմտեան Հայաստանի գրասենեակ։ Դուք պիտի ստանաք Արեւմտեան Հայաստանի քաղաքացիութիւն եւ լիազօրութիւն պիտի տաք պարոն Արմենակ Աբրահամեանին՝ դատարաններու մէջ պաշտպանելու ձեր իրաւունքները։
Հասցէ՝ ք. Երեւան, Ագաթանգեղոս 2/2
Խնդրենք տարածել այս տեղեկութիւնը։
Հարգանքով՝
Երջօ Սարգիսեան
