Գիտաժողով–Քննարկում
Հայերու Ցեղասպանութեան, Արեւմտեան Հայաստանի եւ Արցախի Հայերու Իրաւունքներուն Մասին
«Յիշողութեան, Քաղաքացիութեան եւ Քաղաքագիտութեան Գիտաժողովի Միութիւնը՝ նախագահ Ֆրանսուա Միլյոն-Ռուսոյի, ինչպէս նաեւ Արեւմտեան Հայաստանի պատգամաւորներ Վրէժ Աբրահամեանի եւ Ժան Ղազարոսեանի նախաձեռնութեամբ, կը կազմակերպէ գիտաժողով–քննարկում նուիրուած հետեւեալ նիւթերուն․
- Հայերու Ցեղասպանութիւնը
- Արեւմտեան Հայաստանը
- Արցախի Հայերու Իրաւունքները
- Ֆրանսայի Դիրքորոշումը
Հրաւիրեալ Բանախօս՝ Արմենակ Աբրահամեան, Արեւմտեան Հայաստանի Ազգային Խորհուրդի Նախագահ։
Գիտաժողովին ընթացքին պիտի ներկայացուին տարբեր երկիրներու կողմէ Հայերու Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ փոխհատուցման նոր մեխանիզմներ՝ հիմնուելով հետեւեալ յայտարարութեան վրայ․
«Արեւմտեան Հայաստանի Ազգային Խորհուրդը կը յայտարարէ, թէ հայ ժողովուրդը 1894–1923 թուականներուն ընթացքին ենթարկուած է Ցեղասպանութեան, որ գործադրուած է Արեւմտեան Հայաստանի տարածքին՝ թուրք յաջորդական կառավարութիւններու կողմէ»։
Քննարկման ընթացքին պիտի վերահաստատուին Թուրքիոյ, տարբեր պետութիւններու եւ միջազգային կառոյցներու իրաւական պարտաւորութիւնները՝ հայ ժողովուրդին եւ Արեւմտեան Հայաստանի նկատմամբ։
Պիտի շեշտուին նաեւ այն նոր մարտահրաւէրներն ու խնդիրները, որոնց կը բախի հայ ժողովուրդը՝ Արեւմտեան Հայաստանի եւ Արցախի մէջ՝ իր պետականութեան վերականգնման, ինչպէս նաեւ ռազմավարական, իրաւական եւ քաղաքական մեխանիզմներու իրագործման ընթացքին։
Երկուշաբթի, 2025 թ․ Դեկտեմբեր 15-ին, ժամը 19:00
La Maison des Associations, 1 Av. des Broussailles, Կան
Կը խնդրենք հաստատել Ձեր մասնակցութիւնը՝ նամակ ղրկելով հետեւեալ էլ. հասցէին՝
📧 contact@western-armenia.eu
Գիտաժողովը պիտի աւարտի բարեկամութեան բաժակաճառով։
