Արմենակ Աբրահամյանի զինակիցը եւ վաղեմի ընկեր Համիկ Սայադեանը, Նուպար Օզանյանի դիմանկարը նուիրեց Արեւմտեան Հայաստանի Ազգային Խորհուրդի նախագահին։
Արեւմտեան Հայաստանի կամաւոր մարտիկ Նուպար Օզանեան 1992-ին միացաւ Ազատագրական բանակին Արցախի մէջ, ապա վերադարձաւ նախ Արեւմտեան Հայաստան, այնուհետեւ Սուրիա։
Մինչ օրս բազմաթիւ երիտասարդ սերունդներ կը համարեն զիրենք Նուպար Օզանեանի մարտական ոգիի ժառանգորդներ, սակայն ցաւալի է, որ անոնք շատ անգամ կը շփոթեն Արեւմտեան Հայաստանի եւ Արցախի ազատագրական ծրագիրը Երեւանի կառավարութեան զինաթափման քաղաքականութեան հետ։
Թող այս երիտասարդները օր մը գտնեն ազատութեան իսկական ճամբան՝ մեր նախնիներու երկրին մէջ, առանց արհեստական քաղաքական միջամտութեան։
