ԱՀՀ կառավարութեան խորհուրդի 25֊րդ նիստ

  • by Editbeglari, August 07, 2024 in Լուրեր
313 դիտում

05 Օգոստոս տեղի ունեցաւ Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան (ԱՀՀ) կառավարութեան խորհրդի 25-րդ նիստը։ 

Նիստը բացեց ԱՀՀ նախագահ տիկին Լիտիա Մարկոսեան, ով անդրադարձաւ Կիլիկիոյ անկախութեան 104-րդ տարեդարձին նուիրուած միջոցառմանը։ Տիկին Մարկոսեան նաեւ նշեց 10 Օգոստոս կայանալիք Սեւրի դաշնագիրին ստորագրման տարեդարձին հետ կապուած zoom հանդիպման մասին։   Նիստը շարունակեց ԱՀՀ Ազգային Խորհուրդի նախագահ պարոն Արմենակ Աբրահամեան։ Ան խօսեց ամառային համալսարանին մասին՝ շեշտելով, որ կը կատարուին կարեւոր աշխատանքներ, որպէսզի իւրաքանչիւր մասնակից ներկայացնէ իր աշխատանքը՝ կապուած ԱՀՀ եւ հայ ժողովուրդին հետ։