13 Յուլիս տեղի է ունեցած Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան խօսնակ Արմէնուհի Սահակեանին ելութը։
Ան անդրադարձած է Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահ Լիտիա Մարկոսեանի եւ ԱՀՀ Ազգային խորհուրդի Նախագահ Արմենակ Աբրահամեանին Ժնեւ ՄԱԿ-ին մէջ կայացած՝ բնիկ ժողովուրդներու իրաւունքներու փորձագիտական մեխանիզմին 17-րդ նիստի ելոյթներուն։
Լիտիա Մարկոսեան իր ելոյթին մէջ, մասնաւորապէս, բարձրցուցած է Արեւմտեան Հայաստանի անօրինական բռնազաւթումէն ետք վտարման հարցը։ Խօսած է նաեւ բնիկ ժողովուրդներու իրաւունքներու՝ ՄԱԿ-ին համաձայնագիրին պարտադիր փաստաթուղթի վերածելու մասին։
ԱՀՀ Ազգային խորհուրդի նախագահ Արմենակ Աբրահամեանն ալ խօսած է բռնազաւթուած Արեւմտեան Հայաստանի եւ Արցախի ուսումնասիրութեան մասին։ Նախագահը նշած է անոր մասին, որ առաջին համաշխարհային պատերազմէն ետք, 1920ին Սեւրի դաշնագիրով, որը ստորագրուած եւ կիրառուած է Դաշնակից եւ Միացեալ ոյժերու կողմէն, Թիւրքիոն, ի հետեւանք Արեւմտեան Հայաստանի բնիկ հայերու ցեղասպանութիւնը, կը ճանչնայ հայկական պետութիւնը եւ անոր ինքնիշխանութիւնը:
Խօսնակն իր ելոյթին մէջ կարեւորած է նաեւ այն, որ տիկին Լիտիա Մարկոսեան կառավարութեան հերթական նիստին յիշեցուցած է, որ Արմենակ Աբրահամեան եղած է առաջինը, ով «բացած է ՄԱԿ֊ին դռներն իրենց առաջ, որպէսզի շարունակեն այսօր ներկայացնիլ մեր իրաւունքները` որպէս բնիկ ժողովուրդ»։
