2026 թուականի Նոյեմբեր 13-ին, ժամը 15։00-ին, Ֆրանսայի Անթիպ–Ժուան-լէ-Փէն քաղաքին մէջ՝ Մարտիկի տան (Maison du Combattant) սրահին մէջ, տեղի պիտի ունենայ «Արեւելեան Լեգէոնը եւ Մաղրեպի հրաձիգները» խորագրով համաժողով մը՝ նուիրուած Արեւելեան Լեգէոնի պատմութեան եւ Կիլիկիոյ ազատագրութեան։
Ձեռնարկը կը կազմակերպեն Արեւմտեան Հայաստանի Ազգային խորհուրդը, Հայ նախկին մարտիկներու եւ համակիրներու ազգային միութիւնը, ֆրանսահայ ծագումով նախկին մարտիկներու եւ Դիմադրութեան մասնակիցներու միութիւնը եւ UFAC-ը՝ հայրենասիրական միութիւններու եւ յիշողութեան պահպանման գործին առնչուող պատուիրակութեան մասնակցութեամբ։
Համաժողովին պիտի մասնակցի Արեւմտեան Հայաստանի Ազգային խորհուրդի նախագահ Արմենակ Աբրահամեան։ Ձեռնարկին նպատակն է անդրադառնալ Արեւելեան Լեգէոնի եւ Մաղրեպի հրաձիգներու պատմական դերակատարութեան՝ Կիլիկիոյ ազատագրութեան իրադարձութիւններու ծիրին մէջ։
Համաժողովը պիտի կայանայ պաշտօնական արարողակարգի համաձայն։
