2026 թուականի Սեպտեմբեր 20-ին Արեւմտեան Հայաստանի Ազգային ժողովի եւ Ազգային խորհուրդի Ամառնային համալսարանի ծիրէն ներս Լիտիա Մարկոսեան հանդէս եկած է «Արեւմտեան Հայաստանի հայերու իրաւունքներու պաշտպանութիւնը եւ բնիկութիւնը» նիւթի զեկոյցով։
Լիտիա Մարկոսեան շեշտած է, որ Արեւմտեան Հայաստանի հայերու հարցը միայն պատմական յիշողութեան խնդիր չէ, այլ նաեւ միջազգային իրաւունքի շրջանակին մէջ քննարկուող հարց է։ Անոր ելոյթին առանցքը եղած է հայ ժողովուրդին՝ որպէս իր պատմական հայրենիքի բնիկ ժողովուրդի, իրաւունքներուն եւ ինքնորոշման հարցը։
Զեկոյցին մէջ անդրադարձ կատարուած է 1917-1920 թուականներու իրաւաքաղաքական գործընթացներուն, ներառեալ՝ 1920 թուականի Սեւրի դաշնագրին եւ Ուուտրօ Ուիլսընի իրաւարար վճիռին։ Լիտիա Մարկոսեանի ներկայացմամբ՝ այս փաստաթուղթերը կը շարունակեն մնալ Արեւմտեան Հայաստանի իրաւական պահանջներու հիմնաւորման կարեւոր բաղադրիչներէն։
Ան նաեւ ներկայացուցած է Արեւմտեան Հայաստանի ազգային կառոյցներու ձեւաւորման ընթացքը՝ 2004-ին Շուշիի մէջ Ազգային խորհուրդի հռչակումէն մինչեւ յետագայ պետական կառոյցներու ձեւաւորումը։ Առանձնայատուկ տեղ յատկացուած է մշակութային ժառանգութեան պահպանման, տեղանուններու փոփոխութեան, հայկական պատմամշակութային արժէքներու իւրացման եւ արեւմտահայերէնի պահպանման հարցերուն։
Ելոյթին մէջ անդրադարձ եղած է նաեւ Արցախի հայութեան իրաւունքներուն, 2023-ի իրադարձութիւններուն եւ միջազգային կառոյցներու կողմէ բնիկ ժողովուրդներու իրաւունքներու պաշտպանութեան մեխանիզմներու անհրաժեշտութեան։ Լիտիա Մարկոսեան առաջարկած է ՄԱԿ-ի շրջանակին մէջ ստեղծել լրացուցիչ մասնագիտական մեխանիզմ, իսկ բնիկ ժողովուրդներու իրաւունքներու վերաբերեալ գործող հռչակագիրը վերածել իրաւաբանօրէն պարտադիր միջազգային պայմանագրի։
Զեկոյցի առանձին բաժինով ներկայացուած է նաեւ Վանայ լիճի բնապահպանական վիճակը՝ որպէս Արեւմտեան Հայաստանի բնական եւ մշակութային ժառանգութեան կարեւոր մաս։ Լիտիա Մարկոսեան կոչ ըրած է միջազգային կառոյցներուն՝ իրականացնել լիճի վիճակի անկախ գիտական մշտադիտարկում։
Ելոյթի եզրափակիչ բաժինին մէջ ընդգծուած է, որ Արեւմտեան Հայաստանի հայերու իրաւունքներու պաշտպանութեան հարցին մէջ կարեւոր են միջազգային իրաւական փաստաթուղթերու կիրառումը, պատմամշակութային ժառանգութեան պահպանումը եւ ազգային ինքնութեան շարունակական փոխանցումը յաջորդ սերունդներուն։
