Արեւմտեան Հայաստանի պատուիրակութիւնը ներկայ գտնուեցաւ Հայկական ճարտարապետութիւնն ուսումնասիրող հիմնադրամ 

  • by WesternArmenia, October 07, 2026 in Լուրեր
141 դիտում

Արեւմտեան Հայաստանի պատուիրակութիւնը այցելեց Հայկական ճարտարապետութիւնն ուսումնասիրող հիմնադրամ (ՀՃՈՒ), որ երկար տարիներ ղեկավարած է անուանի յուշարձանագէտ եւ պատմաբան Սամուէլ Կարապետեան։

Հիմնադրամին մէջ պատուիրակութիւնը ծանօթացաւ Սամուէլ Կարապետեանի յիշատակին նուիրուած յուշատան, անոր գրադարանին, ինչպէս նաեւ հիմնադրամին մէջ պահպանուող թանգարանային արժէքներուն եւ նիւթերուն։

Այցը առիթ ընձեռեց եւս մէկ անգամ արժեւորելու Սամուէլ Կարապետեանի երկարամեայ աշխատանքը՝ հայկական պատմամշակութային ժառանգութեան ուսումնասիրութեան, պահպանութեան եւ հանրահռչակման գործին մէջ։

Այցի աւարտին ՀՃՈՒ-ի կողմէ պատուիրակութեան անդամներուն նուիրուեցան գիրքեր՝ որպէս պատմական եւ մշակութային ժառանգութեան պահպանման ու տարածման կարեւոր խորհրդանշական քայլ։