«ԱՐՄԱՏ2026»․ ինքնութեան վերարժեւորման եւ բնիկ ժողովուրդներու իրաւունքներու պաշտպանութեան ծրագիր 

  • by WesternArmenia, October 16, 2026 in Լուրեր
130 դիտում

Հոկտեմբեր 16-էն պիտի մեկնարկէ «ԱՐՄԱՏ2026» ծրագիրը, որուն առանցքը կը կազմեն բնիկ ժողովուրդներու իրաւունքներու պաշտպանութիւնն ու ազգային ինքնութեան պահպանումը։

Ծրագիրը նպատակ ունի ժամանակակից հասարակութեան մէջ վերարժեւորել ինքնութեան, պատմական յիշողութեան եւ ժառանգութեան նշանակութիւնը՝ անդրադառնալով հիմնարար հարցերու․ Ովքե՞ր ենք մենք, ուրկէ՞ կու գանք, ի՞նչ արժէքներ ժառանգած ենք եւ ի՞նչ պիտի փոխանցենք յաջորդ սերունդներուն։

«ԱՐՄԱՏ2026»-ը պիտի միաւորէ լրատուական բովանդակութիւնը, պատմական ու մշակութային նիւթերու հանրայնացումը, մասնագիտական քննարկումներն ու հանրային երկխօսութիւնը։ Ծրագիրին ծիրին մէջ փորձագէտները պիտի ներկայացնեն իրենց տեսակէտներն ու վերլուծութիւնները, պիտի հրապարակուին տեղեկատուական, քարոզչական եւ վերլուծական նիւթեր՝ նպաստելով ազգային ինքնութեան եւ բնիկ ժողովուրդներու իրաւունքներուն շուրջ քննարկումներու ընդլայնման։

Նախագիծին վերաբերեալ ամբողջական տեղեկութիւնները հասանելի պիտի ըլլան westernarmeniatv.com հարթակներուն վրայ։