ԱՐՄԱՏ2026․ Մարիէթա Տումիկեան․ Բնիկ ժողովուրդներու իրաւունքները, բնապահպանութիւնն ու ազգային ինքնութեան պահպանումը փոխկապակցուած են 

  • by WesternArmenia, October 30, 2026 in Լուրեր
81 դիտում

Երեւանի մէջ տեղի ունեցող ՄԱԿ-ի Կենսաբանական Բազմազանութեան մասին համաձայնագրի անդամ պետութիւններու 17-րդ համաժողովը (COP17) մէկտեղած է աշխարհի տարբեր երկիրներէ ժամանած գիտնականներ, բնապահպաններ, արուեստագէտներ եւ մասնագէտներ՝ քննարկելու կենսաբազմազանութեան պահպանման եւ կայուն ապագայի կերտման վերաբերող հարցեր։

Համաժողովին ծիրէն ներս առանձնայատուկ ուշադրութիւն կը դարձուի բնիկ ժողովուրդներու իրաւունքներու պաշտպանութեան, անոնց աւանդական գիտելիքներու պահպանման եւ որոշումներու կայացման գործընթացներուն լիարժէք մասնակցութեան։ Աշխարհի մէջ շուրջ 400 միլիոն բնիկ ժողովուրդներու ներկայացուցիչներ կարեւոր դեր ունին բնական կենսահամակարգերու պահպանման գործին մէջ։

Անդրադառնալով հայ ժողովուրդի բնիկութեան եւ պատմական ինքնութեան պահպանման՝ ելոյթին մէջ ընդգծուած է, որ բնապահպանութիւնը միայն բնական միջավայրի պաշտպանութիւն չէ․ անիկա անմիջականօրէն կապուած է պատմական յիշողութեան, ազգային ինքնութեան եւ հայրենիքին նկատմամբ պատասխանատուութեան հետ։

Մասնաւորապէս, Արեւմտեան Հայաստանի հետ հայ ժողովուրդի պատմական կապի թուլացումը, բնիկութեան մասին գիտելիքներու կորուստը եւ ինքնութեան աստիճանական նոսրացումը կը խորացնեն պատմական հայրենիքէն օտարացման գործընթացը։ Հայ ժողովուրդի բազմահազարամեայ ներկայութիւնը, ստեղծագործական ժառանգութիւնն ու համաշխարհային քաղաքակրթութեան մէջ ունեցած ներդրումը ազգային ինքնութեան պահպանման կարեւոր հիմքեր են։

Ելոյթին մէջ շեշտուած է, որ հայ ժողովուրդի կապը պատմական հայրենիքին հետ պէտք չէ սահմանափակուի միայն մշակութային յիշողութեամբ կամ աշխարհագրական պատկանելիութեամբ։ Բնիկութեան ճանաչումը, պատմական ներկայութեան ընդունումը եւ հայրենիքին նկատմամբ պատասխանատուութիւնը ժողովուրդի իրաւունքներու պաշտպանութեան եւ ազգային ժառանգութիւնը յաջորդ սերունդներուն փոխանցելու կարեւոր նախապայմաններ են։

Ամփոփելով՝ ընդգծուած է աշխարհասփիւռ հայութեան միաւորման եւ ազգային արմատներու գիտակցուած պահպանման անհրաժեշտութիւնը՝ ապագայ սերունդներուն փոխանցելու այն պատմական ու ժառանգական արժէքները, որոնք հայ ժողովուրդի ինքնութեան անբաժանելի մասն են։