ԱՐՄԱՏ2026․ Մհեր Յարութիւնեան․ Արցախի բնապահպանական վնասներու գնահատման համար անհրաժեշտ է անկախ ուսումնասիրութիւն 

  • by WesternArmenia, October 27, 2026 in Լուրեր
96 դիտում

Արցախի բնական միջավայրի պահպանումը կը պահանջէ գիտական ուսումնասիրութիւն, անկախ մշտադիտարկում եւ միջազգային համագործակցութիւն։ Անտառներու, գետերու, հողերու եւ կենսաբազմազանութեան վրայ հնարաւոր ազդեցութիւններու գնահատումը կարեւոր է տարածաշրջանի բնական հաւասարակշռութեան պահպանման համար։

Ուսումնասիրութեան հիմնական ուղղութիւններն են անտառային հրդեհներու եւ անտառահատումներու հետեւանքները, հանքարդիւնաբերութեան ազդեցութիւնը, ջրային համակարգերու վիճակը, հազուագիւտ տեսակներու պաշտպանութիւնը եւ ռազմական գործողութիւններէն ետք մնացած բնապահպանական հնարաւոր վտանգները։ Առանձնայատուկ ուշադրութիւն պէտք է դարձնել Սարսանգի ջրամբարի արհեստագիտական անվտանգութեան եւ ջուրի որակի ուսումնասիրութեան։

Կ՚առաջարկուի ստեղծել բնապահպանական վնասներու փաստագրման միասնական շտեմարան, իրականացնել արբանեակային մշտադիտարկում, հրապարակել անկախ փորձագիտական գնահատումներ եւ համագործակցիլ միջազգային մասնագիտական կառոյցներու հետ։

2026 թուականի COP17 համաժողովի ծիրէն ներս Արցախի բնապահպանական խնդիրներու ներկայացումը հնարաւորութիւն կու տայ ընդգծելու, որ բնապահպանական վնասներու գնահատումը պէտք է հիմնուի ստուգելի տուեալներու վրայ, իսկ բնական ժառանգութեան պաշտպանութիւնն ու վնասուած էկոհամակարգերու վերականգնումը կը պահանջեն գործնական քայլեր եւ միջազգային հաշուետուողականութիւն։