Արմատ2026․ Նունէ Պալայեան․ Երեւանի բնապահպանական խնդիրները կը սպառնան բնակիչներու առողջութեան 

  • by WesternArmenia, October 26, 2026 in Լուրեր
131 դիտում

Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան պատգամաւոր Նունէ Պալայեան բարձրաձայնած է Երեւանի բնապահպանական խնդիրներուն, մասնաւորապէս՝ Նուպարաշէնի աղբավայրին եւ հանրային զբօսայգիներու աղտոտութեան վերաբերեալ իր մտահոգութիւնները։

Ան յիշեցուցած է, որ Էրեբունին հիմնադրուած է Ք.Ա. 782 թուականին՝ ընդգծելով հայ ժողովուրդի քաղաքաշինական եւ մշակութային հարուստ ժառանգութիւնը։ Անոր խօսքով՝ մայրաքաղաքին պատմական նշանակութիւնը պարտաւորութիւն կը դնէ հոգ տանելու շրջակայ միջավայրին եւ բնակիչներու առողջութեան։

Պալայեան նշած է, որ Նուպարաշէնի աղբավայրէն տարածուող գարշահոտութիւնն ու օդի աղտոտութիւնը յատկապէս մտահոգիչ են մանուկներու առողջութեան տեսանկիւնէն։ Ան առաջարկած է ներդնել աղբի վերամշակման համակարգ մը՝ զայն բնապահպանական սպառնալիքէ վերածելով օգտակար միջոցի։

Պատգամաւորը անդրադարձած է նաեւ զբօսայգիներու եւ մանկական խաղահրապարակներու աղտոտութեան՝ առաջարկելով շուներուն զբօսանքի համար յատուկ տարածքներ ստեղծել եւ ապահովել անոնց մաքրութիւնը։

Նունէ Պալայեան կոչ ուղղած է պատասխանատու մարմիններուն՝ գործնական քայլերու ձեռնարկելու հանրային առողջութիւնը պաշտպանելու, բնութիւնը պահպանելու եւ մանուկներուն համար մաքուր ու ապահով միջավայր մը ապահովելու նպատակով։