
Երեւանի մէջ, Արեւմտեան Հայաստանի առաքելութեան մէջ, տեղի ունեցաւ «Արցախ վերադարձի իրաւունքը եւ Արեւմտեան Հայաստանի իրաւունքները» խորագրով համաժողով։ Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Կառավարութեան խօսնակ Շողեր Պիլէմճեան՝ ներկայացնելով նախագահ Լիտիա Մարկոսեանի ուղերձը։
Համաժողովին մասնակցեցան Արեւմտեան Հայաստանի Ազգային Խորհուրդի նախագահ Արմենակ Աբրահամեան, Շուշիի Հայրենատիրաց միութեան նախագահ Աշոտ Հարութիւնեան, Կաճառ գիտական կեդրոնի տնօրէն Մհեր Հարութիւնեան, գրող Տեմիր Սէոնմեզ «Վիրաւոր Արծիւը» գիրքի հեղինակ եւ այլ գործիչներ։
Քննուեցան արցախցիներու մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան առնչուած հարցեր, Եւրոպական դատարան ուղարկուած դիմումներու ընթացքը, ինչպէս նաեւ արտերկրի մէջ՝ Զուիցերիա, Ֆրանսա, Ամերիկա եւ Գանատա—կայացած ժողովներու եւ ընդունուած բանաձեւերու արդիւնքները։
Հանդիպումը աւարտեցաւ հարց ու պատասխանի բաժնով, ուր հնչեցին բազմաթիւ առաջարկներ, որոնք նախատեսուած են յետագային կեանքի կոչուելու։
