Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Լիտիա Մարկոսեանը Սեւրի դաշնագրի 106-ամեակին նուիրուած ելոյթին մէջ ներկայացուցած է դաշնագրին պատմական եւ իրաւական նշանակութիւնը հայ ժողովուրդին համար՝ ընդգծելով, որ զայն պէտք է դիտարկել ոչ միայն որպէս պատմական փաստաթուղթ, այլեւ որպէս Հայկական հարցի միջազգային իրաւական գործընթացին կարեւոր հանգրուան։
Լիտիա Մարկոսեանի խօսքով՝ 1920 թուականի Օգոստոս 10-ին Փարիզի մերձակայքը գտնուող Սեւրի սրահին մէջ Օսմանեան կայսրութեան եւ Առաջին աշխարհամարտի յաղթող տէրութիւններուն միջեւ ստորագրուած պայմանագիրը Հայաստանի համար առանձնայատուկ նշանակութիւն ունէր։ Սեւրի դաշնագրին 88-93-րդ յօդուածներով կը նախատեսուէր Հայաստանի՝ որպէս ազատ եւ անկախ պետութիւն ճանչցուիլը, իսկ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ սահմանը պէտք է որոշուէր միջազգային իրաւական մեխանիզմի՝ արբիտրաժի միջոցաւ։
Ելոյթին մէջ առանձնայատուկ անդրադարձ կատարուած է Հայկական ազգային պատուիրակութեան գործունէութեան։ Լիտիա Մարկոսեան նշած է, որ Հայկական հարցի միջազգային ներկայացման աշխատանքները սկսած էին դեռեւս Առաջին աշխարհամարտէն առաջ եւ շարունակուած էին պատերազմի ու Հայերու ցեղասպանութենէն ետք։ Պօղոս Նուպարի գլխաւորած պատուիրակութիւնը 1919-ին մասնակցած է Փարիզի խաղաղութեան վեհաժողովին՝ ներկայացնելով հայ ժողովուրդին քաղաքական, տարածքային եւ հատուցման պահանջները։
Լիտիա Մարկոսեան ընդգծած է, որ Հայերու ցեղասպանութիւնը եւ Արեւմտեան Հայաստանի հայ բնակչութեան կրած կորուստները միջազգային հարթակներուն ներկայացուած պահանջներուն կարեւոր հիմքերէն էին։ Իր խօսքով՝ այդ գործընթացը յետագային նպաստեց Հայկական հարցի քաղաքական պահանջներէն դէպի միջազգային իրաւական ձեւակերպումներու անցման։
Վարչապետը խօսած է նաեւ 1920 թուականի Սան Ռեմոյի համաժողովին մասին, ուր ձեւաւորուեցան Սեւրի դաշնագրին հիմնական դրոյթները։ Հոն իսկ առաջ քաշուեցաւ Հայաստանի սահմաններու հարցը ԱՄՆ-ի նախագահ Վուտրօ Ուիլսընի արբիտրաժին փոխանցելու գաղափարը։ Մարկոսեանի ներկայացմամբ՝ ասիկա կարեւոր փուլ մըն էր, քանի որ հայկական պահանջը կը կապուէր միջազգային իրաւական որոշակի մեխանիզմի մը հետ։
Լիտիա Մարկոսեան անդրադարձած է նաեւ Սպայի համաժողովին, որ տեղի ունեցաւ 1920 թուականի Յուլիսին, եւ որուն ընթացքին դաշնակից տէրութիւնները Օսմանեան կառավարութեան ներկայացուցին վերջնագիր մը՝ Սեւրի պայմանագրին շուրջ բանակցութիւններու աւարտին ընդառաջ։
Ելոյթին ընթացքին Լիտիա Մարկոսեան յիշատակած է նաեւ 1918 թուականի Պաթումի պայմանագիրը՝ զայն համարելով ամօթալի քայլ մը Սեւրի գործընթացէն առաջ Հայկական հարցի զարգացման մէկ այլ հանգրուան։
Ան ընդգծած է, որ այդ համաձայնագիրը կնքուած էր բոլորովին այլ քաղաքական պայմաններու մէջ եւ չէր կրնար նկատուիլ Սեւրի դաշնագրին համարժէքը։
Լիտիա Մարկոսեանի հիմնական շեշտադրումներէն մէկը այն էր, որ Սեւրի դաշնագրին վերաբերեալ անհրաժեշտ է ուսումնասիրել ոչ միայն անոր ստորագրման փաստը, այլեւ անոր նախորդած դիւանագիտական գործընթացը՝ Հայկական ազգային պատուիրակութեան գործունէութիւնը, Փարիզի խաղաղութեան վեհաժողովը, Սան Ռեմոյի եւ Սպայի համաժողովները եւ միջազգային իրաւական քննարկումները։
Ելոյթին աւարտին Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետը կոչ ուղղած է հայ ժողովուրդին, յատկապէս երիտասարդութեան, խոր ուսումնասիրելու Սեւրի դաշնագրին պատմութիւնը եւ անոր իրաւական նշանակութիւնը։ Անոր խօսքով՝ պատմական փաստերու իմացութիւնը կարեւոր է հայկական իրաւունքներուն վերաբերեալ միջազգային քննարկումներուն մէջ հետեւողական եւ փաստարկուած դիրքորոշում ներկայացնելու համար։
