

Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմենակ Աբրահամեան Ազգային ժողովի եւ կառավարութեան պատուիրակութեան հետ հրաւէրով մասնակցեցաւ Էջմիածնի մշակութային կեդրոնին մէջ կայացած թատերական ներկայացման։
Ներկայացման կազմակերպիչն էր թատերագիր եւ արձակագիր, Խնուսի հայրենակցական միութեան նախագահ Սամուէլ Մհերեան։
Միջոցառման ներկայ էր նաեւ ԱՄՆ նախկին նախագահ Ուուտրօ Ուիլսընի ծոռը՝ Տանըլտ Ուիլսըն։ Ներկայացման աւարտէն ետք Արմենակ Աբրահամեանի եւ Տանըլտ Ուիլսընի միջեւ տեղի ունեցած հանդիպումը խորհրդանշական բնոյթ կը կրէր։ Անոնք փոխանակեցին իրենց կապի տուեալները՝ յետագայ գործակցութեան հնարաւորութիւններու շուրջ կապը շարունակելու ակնկալիքով։
