22 Յուլիս տեղի ունեցած է Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան խորհուրդի հերթական 24-րդ նիստը։
Բացումին խօսքով հանդէս է եկած ԱՀՀ Նախագահ Լիտիա Մարկոսեան։ Ան, մասնաւորապէս, խօսած է բնիկ ժողովուրդներու իրաւունքներու մասին՝ շեշտելով, որ Արեւմտեան Հայաստանը գոյութիւն ունէ եւ պատրաստ է պաշտպանելու բնիկներու իրաւունքները։
Նախագահը խօսած է նաեւ Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան պատուիրակութեան՝ հայերու դէմ իրականացուած ցեղասպանութեան թանգարան-ինստիտուտ այցելութեան մասին։ Յայտնած է, որ հանդիպած են թանգարանի տնօրէնին եւ ունին բազմաթիվ ծրագիրներ կապուած Արցախին հետ։
