
Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմենակ Աբրահամեան, ինչպէս նաեւ Ազգային ժողովի նախագահ Նելլի Յարութիւնեան մասնակցած են ազգային հերոս Աշոտ Ղուլեանի (Բեկոր) յիշատակին նուիրուած ձեռնարկին, որ տեղի ունեցած է Իսահակեանի գրադարանին մէջ։
Ձեռնարկի ընթացքին ցուցադրուած է Բեկորի կեանքին եւ մարտական ուղիին նուիրուած վաւերագրական շարժանկարը։ Ներկաները կարելիութիւն ունեցած են դիտելու հերոսին մասին պատմող յուզիչ դրուագներ, ինչպէս նաեւ յիշատակուած է Բեկորի եւ նախագահի հանդիպումէն փոքր պատմութիւն մը, որ եւս մէկ անգամ ընդգծած է անոր նուիրուածութիւնն ու հաւատարմութիւնը ազգային գաղափարներուն։
Իր խօսքին մէջ նախագահ Արմենակ Աբրահամեան անդրադարձած է Աշոտ Բեկորի կերպարին՝ զինք բնութագրելով որպէս ազգային հերոս, ով իր կեանքը նուիրեց հայրենիքի պաշտպանութեան։ Ան շեշտած է, թէ Բեկորի կերպարը պէտք է օրինակ հանդիսանայ նոր սերունդին համար՝ որպէս հայրենասիրութեան, խիզախութեան եւ անձնազոհութեան խորհրդանիշ։
Յիշատակի ձեռնարկը անցած է յուզիչ եւ արժանապատիւ մթնոլորտի մէջ՝ վերահաստատելով, որ Բեկորի յիշատակը կը շարունակէ ոգեշնչել եւ միաւորել հասարակութիւնը։
