
Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմենակ Աբրահամեանը ոչ պաշտօնական այցելութեամբ եղած է Ծիծեռնակաբերդ՝ տեղւոյն վրայ հետեւելու յուշահամալիրի մէջ իրականացուող շինարարական աշխատանքներու ընթացքին։
Նախագահը յարգանքի տուրք մատուցած է ցեղասպանութիւններու զոհերու յիշատակին՝ մասնաւորապէս յիշելով Սումգայիթի մէջ տեղի ունեցած ողբերգական դէպքերու զոհերը։ Այցին ընթացքին ան ծաղիկներ խոնարհած է նաեւ Յունաստանի կողմէ տեղադրուած ծաղկեպսակին մօտ՝ ընդգծելով միջազգային համերաշխութեան եւ պատմական արդարութեան կարեւորութիւնը։
Նախագահին խօսքով՝ յիշողութիւնը ոչ միայն յարգանքի, այլ նաեւ պատասխանատուութեան խորհրդանիշ է՝ ուղղուած ապագայ սերունդներուն խաղաղութեան եւ արժանապատիւ կեանքի պատգամ փոխանցելուն։
