Ժընեւի մէջ աւարտած է ՄԱԿ-ի Բնիկ ժողովուրդներու իրաւունքներու փորձագիտական մեխանիզմի 18-րդ նստաշրջանին նախորդող նախապատրաստական հանդիպումը

  • by Editbeglari, July 11, 2026 in Լուրեր
150 դիտում

Յուլիսի 11–12-ին Ժընեւի Վեռնիե քաղաքին մէջ՝ BIRD Playground կեդրոնին մէջ, տեղի ունեցաւ ՄԱԿ-ի Բնիկ ժողովուրդներու իրաւունքներու փորձագիտական մեխանիզմի (EMRIP) 18-րդ նստաշրջանին նախորդող բնիկ ժողովուրդներու նախապատրաստական հանդիպումը, որուն մասնակցեցան աշխարհի տարբեր շրջաններու բնիկ ժողովուրդներու ներկայացուցիչներ։

Երկօրեայ ծրագիրին առաջին օրը սկսաւ Project Access նախաձեռնութեան շրջանակին մէջ կազմակերպուած կողմնորոշիչ եւ ուսուցողական դասընթացքով, որ նախատեսուած էր առաջին անգամ մասնակցող պատուիրակներուն համար։ Մասնակիցները ծանօթացան EMRIP-ի ստեղծման պատմութեան, լիազօրութիւններուն, գործունէութեան զարգացման փուլերուն եւ մեխանիզմի գործնական կիրառման հնարաւորութիւններուն։ Դասընթացքէն ետք տեղի ունեցաւ Բնիկ ժողովուրդներու Քոքուսի (Indigenous Caucus) նիստը։

Յուլիսի 12-ին աշխատանքները շարունակուեցան Քոքուսի հերթական նիստով, որուն յաջորդեց հանդիպում մը EMRIP-ի փորձագէտներուն հետ։ Օրուան երկրորդ բաժինին ընթացքին տեղի ունեցաւ համակարգող հանդիպում, որուն ժամանակ ընտրուեցան եօթը ընկերամշակութային տարածաշրջանները ներկայացնող պատուիրակները, որոնք պիտի հանդիպին ՄԱԿ-ի Մարդու իրաւունքներու գերագոյն յանձնակատարին հետ։ Օրը եզրափակուեցաւ Բնիկ ժողովուրդներու Քոքուսի հերթական նիստով։

Նախապատրաստական հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան EMRIP-ի 18-րդ նստաշրջանի օրակարգի հիմնական նիւթերը, ներառեալ՝ բնիկ ժողովուրդներու իրաւունքները հակամարտութիւններու եւ յետհակամարտական իրավիճակներու պայմաններուն մէջ, ՄԱԿ-ի Բնիկ ժողովուրդներու իրաւունքներու հռչակագրի իրականացումը, տարբեր երկիրներու մէջ իրականացուող գործունէութիւնները, Բնիկ լեզուներու միջազգային տասնամեակը, արհեստական բանականութեան ազդեցութիւնը բնիկ ժողովուրդներու վրայ, ինչպէս նաեւ ՄԱԿ-ի աշխատանքներուն մէջ բնիկ ժողովուրդներու մասնակցութեան ընդլայնումը։

Քննարկումներու օրակարգին մէջ ընդգրկուած էին նաեւ մեխանիզմի ապագայ գործունէութիւնը, նախորդ յանձնարարականներու իրականացման գնահատումը, Մարդու իրաւունքներու խորհուրդ ներկայացուելիք առաջարկները, առարկայական ուսումնասիրութիւններու եւ զեկոյցներու ընդունումը, ինչպէս նաեւ 2027 թուականին նախատեսուող ՄԱԿ-ի Բնիկ ժողովուրդներու իրաւունքներու հռչակագրի ընդունման 20-ամեակի եւ ՄԱԿ-ի 80-ամեակի միջոցառումներու նախապատրաստութիւնը։

Հանդիպման ընթացքին ապահովուեցաւ նաեւ համաժամանակեայ թարգմանութիւն, որ հնարաւորութիւն տուաւ տարբեր մայրցամաքներէ ժամանած պատուիրակներուն լիարժէք մասնակցելու քննարկումներուն։

Օրակարգի ֆրանսերէն տարբերակը հասանելի է հետեւեալ յղումով՝ https://www.docip.org/fileadmin/documents/Autochtones/Draft_Agenda_IP_Caucus_EMRIP_2026_FR.pdf