Քու կարծիքդ ուժ է։ Ձայնդ՝ պատմական նշանակութիւն ունի։
Արեւմտեան Հայաստանի Ազգային ժողովը կը նախաձեռնէ պատմաքաղաքական հասարակագիտական հարցում՝ ազգային իրաւունքներու, պատմական յիշողութեան եւ քաղաքական ապագայի մասին։ Հարցման մասնակցիլը կը տեւէ մօտ 2 վայրկեան։
Այս նախաձեռնութիւնը պարզ սովորական հարցում մը չէ։ Ան կը նպատակադրէ հաւաքել հանրութեան կարծիքը եւ ձեւաւորել հաւաքական պատկերացում մը մեր ազգային իրաւունքներուն, պատմական յիշողութեան պահպանման եւ ապագայի տեսլականին մասին։
Իւրաքանչիւր մասնակիցի կարծիքը կարեւոր է, որովհետեւ ան կը դառնայ ընդհանուր ձայնի մէկ մասը։ Այդ ձայնը կրնայ նպաստել ազգային խնդիրներու շուրջ հանրային դիրքորոշման ձեւաւորման եւ անոնց միջազգային ներկայացման։
Մասնակցի՛ր եւ թող քու ձայնդ ալ դառնայ այդ հաւաքական ինքնագիտակցութեան մէկ մասը։
