Շողեր Պիլէմճեանը՝ ազգային միասնութեան, պատասխանատուութեան եւ պետական մտածողութեան մասին

  • by Editbeglari, June 15, 2026 in Լուրեր
105 դիտում

Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովի 3-րդ գումարման 7-րդ լիագումար նիստին ընթացքին ելոյթ ունեցաւ կառավարութեան խօսնակ Շողեր Պիլէմճեանը՝ անդրադառնալով խորհրդարանին դերին, ազգային միասնութեան կարեւորութեան եւ պետական մտածողութեան անհրաժեշտութեան։

Ողջունելով Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմենակ Աբրահամեանին, Ազգային Ժողովի պատգամաւորներուն եւ նիստի մասնակիցներուն՝ Շողեր Պիլէմճեանը նշեց, թէ խորհրդարանը հաւաքուած է ոչ միայն հերթական նիստ մը գումարելու, այլեւ վերահաստատելու այն տեսլականը, որ կը միաւորէ բոլորին՝ ծառայելու ժողովուրդին, պաշտպանելու ազգային շահերը եւ ամրապնդելու պետական գաղափարը։

Ան ընդգծեց, որ Ազգային Ժողովը ժողովրդավարական կառավարման կարեւորագոյն հիմնասիւններէն մէկն է, ուր կը ձեւաւորուին քաղաքական եւ օրէնսդրական նախաձեռնութիւններ, որոնք կ’ուղղուին պետական զարգացման, պետական կառոյցներու ամրապնդման եւ հանրային բարեկեցութեան ապահովման։ Անոր խօսքով՝ խորհրդարանի աշխատանքին արժէքը պէտք է գնահատուի ոչ միայն ընդունուած որոշումներու թիւով, այլեւ անոնց ազդեցութեամբ՝ ազգային իրաւունքներու պաշտպանութեան, հանրային շահերու սպասարկման եւ պետական հաստատութիւններու կատարելագործման գործին մէջ։

Ելոյթին մէջ անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ ժամանակակից աշխարհին մէջ տեղի ունեցող զարգացումներուն։ Նշուեցաւ, որ աշխարհաքաղաքական, տնտեսական եւ հասարակական փոփոխութիւնները կը պահանջեն պատասխանատու մօտեցում, ազգային համախմբում եւ յստակ առաջնահերթութիւններ։

Շողեր Պիլէմճեանը կարեւոր համարեց նաեւ Ազգային Ժողովի նախագահ Նելլի Յարութիւնեանի գործունէութիւնը՝ ընդգծելով անոր ներդրումը օրէնսդիր մարմինին համակարգուած աշխատանքին կազմակերպման, ժողովրդավարական գործընթացներու պահպանման եւ ազգային շահերու պաշտպանութեան ուղղութեամբ իրականացուող նախաձեռնութիւններու առաջմղման գործին մէջ։

Ելոյթին աւարտին Շողեր Պիլէմճեանը վստահութիւն յայտնեց, որ միասնական աշխատանքի, փոխադարձ յարգանքի եւ համագործակցութեան շնորհիւ կարելի պիտի ըլլայ շարունակել պետական հաստատութիւններու ամրապնդումը եւ ծառայել ազգային նպատակներու իրականացման։ Ան մաղթեց արդիւնաւէտ աշխատանք, նոր յաջողութիւններ եւ ձեռքբերումներ՝ ի բարօրութիւն ժողովուրդին եւ ի զօրացումն Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան պետականութեան։