Սեւրի դաշնագրի 106-ամեակին նուիրուած Zoom հանդիպում

  • by Editbeglari, August 10, 2026 in Լուրեր
80 դիտում

Օգոստոսի 10-ին տեղի ունեցաւ Սեւրի դաշնագրի ստորագրման 106-ամեակին նուիրուած Zoom հանդիպում։ Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմենակ Աբրահամեան։

Հանդիպման ընթացքին ելոյթներով հանդէս եկան ԱՀՀ Ազգային ժողովի նախագահ Նելլի Յարութիւնեան, վարչապետ Լիտիա Մարկոսեան, պատգամաւորներ Մասիս Ինճիճեան, Աշոտ Յարութիւնեան եւ այլ մասնակիցներ։

Քննարկուեցաւ 1920 թուականի Օգոստոսի 10-ին ստորագրուած Սեւրի դաշնագրի պատմական եւ իրաւական նշանակութիւնը, մասնաւորապէս՝ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ սահմանագծման, տարածքային կարգաւորման եւ միջազգային իրաւական մեխանիզմներու վերաբերող հարցերը։

Հանդիպման ընթացքին ընդգծուեցաւ, որ Սեւրի դաշնագիրը կը շարունակէ կարեւոր նշանակութիւն ունենալ հայ ժողովուրդի պատմական եւ իրաւական իրաւունքներու տեսանկիւնէն։