Այսօր մեծ հպարտութեամբ կը ներկայացնեմ Արեւմտեան Հայաստանի Ազգային Ժողովի կարեւոր որոշումը՝ Արցախի հայութեան իրաւունքներուն եւ հարատեւութեան մասին։
Ընդունուած օրէնքով․
- Արցախը հռչակուած է Արեւմտեան Հայաստանի անբաժանելի մաս՝ 1920-ի Հայաստանի իրաւահաջորդութեամբ։
- Արցախի հայ ժողովուրդը ճանչցուած է իբրեւ Արեւմտեան Հայաստանի բնիկ հայութեան անբաժանելի մասը, եւ իւրաքանչիւր անդամ իրաւունք ունի ստանալու քաղաքացիութիւն։
- Արեւմտեան Հայաստանը ճանչցած է Արցախի հայերու ինքնավարութիւնը եւ փաստացի կառավարութիւնը՝ ինքնորոշման իրաւունքին հիման վրայ։
Այս օրէնքը ներառուած է Սահմանադրութեան մէջ՝ հաստատելով, որ հայ ժողովուրդը մէկ ամբողջութիւն է, իսկ Արցախը մեր հայրենիքի անքակտելի մասը։
Մենք կը գործենք իրաւական դաշտին մէջ՝ հիմնուելով արդարութեան եւ միջազգային իրաւունքի վրայ։ Սա ոչ միայն օրէնք է, այլ ապագայի ճանապարհային քարտէս, որով պիտի շարունակենք մեր պայքարը հանուն Արեւմտեան Հայաստանի, Արցախի եւ համայն հայութեան իրաւունքներուն։
Կեցցէ՛ Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութիւնը։
