Արեւմտեան Հայաստանի Ազգային ժողովի 34-րդ նիստը տեղի ունեցած է 2026 թուականի Սեպտեմբեր 23-ին՝ առցանց ձեւաչափով։ Նիստին մասնակցած են 52 ընտրուած պատգամաւորներէն 12-ը։
Օրակարգին մէջ քննարկուած են Արեւմտեան Հայաստանի հեռուստաընկերութեան շուրջ տասնամեակ մը իրականացուող գործունէութիւնն ու անոր հետագայ զարգացման հարցերը։ Քննարկուած է նաեւ Հայաստանի մէջ առկայ քաղաքական եւ հասարակական իրավիճակը՝ մասնաւորաբար անվտանգութեան, սահմանային խնդիրներու եւ առկայ անորոշութիւններու համատեքստին մէջ։
Նիստին ընդգծուած է, որ երկրի առջեւ ծառացած խնդիրները պէտք է դառնան ոչ միայն քաղաքական յայտարարութիւններու, այլեւ կառուցողական քննարկումներու եւ գործնական լուծումներու որոնման առարկայ։
Նիստը ամփոփած է Ազգային ժողովի նախագահ Նելլի Յարութիւնեան։
