Արեւմտեան Հայաստանի Ազգային ժողովի 35-րդ նիստը

  • by Hasmik Karapetyan, October 01, 2026 in Լուրեր
96 դիտում

2026 թուականի Սեպտեմբեր 30-ին տեղի ունեցաւ Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի 35-րդ նիստը, որուն առցանց ձեւաչափով մասնակցեցաւ 17 պատգամաւոր։

Նիստի ընթացքին հաստատուեցաւ օրակարգը եւ ընթերցուեցաւ նախորդ նիստի արձանագրութիւնը։ ԱՀՀ նախագահ Արմենակ Աբրահամեան խօսեցաւ Վրէժ Աբրահամեանի անժամանակ մահուան եւ անոր առնչուող իրաւական գործընթացներուն մասին։ Քննարկուեցան նաեւ Արեւմտեան Հայաստանի կառոյցներու ամրապնդման, անվտանգութեան, ինչպէս նաեւ Հայաստանի ներկայ քաղաքական ու հասարակական իրավիճակին վերաբերող հարցեր։

ԱԺ նախագահ Նելլի Յարութիւնեան կարեւորեց մշակութային եւ կրթական ծրագիրներու աշխուժ իրականացումը՝ ընդգծելով գործնական ծրագիրներու, զեկոյցներու, ձեռնարկներու եւ փոխօգնութեան նախաձեռնութիւններու մշակման անհրաժեշտութիւնը։

Նիստը ամփոփեց Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմենակ Աբրահամեան։