Արեւմտեան Հայաստանի Ազգային ժողովի 36-րդ նիստին քննարկուած են COP 17-ին մասնակցութեան եւ խորհրդարանի աշխատանքային ծրագիրներուն վերաբերող հարցեր

  • by WesternArmenia, October 09, 2026 in Լուրեր
121 դիտում

2026 թուականի Հոկտեմբեր 7-ին տեղի ունեցաւ Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի (Խորհրդարանի) 36-րդ նիստը՝ Ազգային ժողովի նախագահ Նելլի Յարութիւնեանի գլխաւորութեամբ։ Նիստը սկսաւ ժամը 21։30-ին եւ աւարտեցաւ 22։00-ին։ Ընտրուած 50 պատգամաւորներէն 14-ը մասնակցեցան նիստին։

Նիստին ընթացքին միաձայն ընդունուեցաւ օրակարգը, ընթերցուեցաւ նախորդ նիստի արձանագրութիւնը, ապա քննարկուեցան ընթացիկ հարցեր եւ ծրագիրներ։

Առանձնայատուկ ուշադրութիւն դարձուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ կազմակերպուող COP 17 համաժողովին Արեւմտեան Հայաստանի համակարգին՝ որպէս բնիկ ժողովուրդի ներկայացուցիչի մասնակցութեան հարցին։ Քննարկուեցաւ նաեւ կենսաբազմազանութեան նիւթը՝ նկատի ունենալով այդ հարցին եւ տարածաշրջանի բնիկ ժողովուրդներուն միջեւ առկայ կապը։ Պատգամաւորներուն առաջարկուեցաւ ցանկութեան պարագային պատրաստել ելոյթներ կամ հարցազրոյցներ՝ բնիկ ժողովուրդներու եւ կենսաբազմազանութեան առնչութիւններուն վերաբերեալ։

Անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ խորհրդարանի պատգամաւորներու մանտաթներու եւ այցետոմսերու պատրաստութեան ծրագիրին։ Նախատեսուած է զանոնք պատրաստել երկլեզու ձեւաչափով՝ ներառելով պատգամաւորներուն համապատասխան տուեալները։ Նշուած նախաձեռնութիւնները պիտի ներառուին Ազգային ժողովի ներքին կանոնակարգին մէջ։

Նիստը ամփոփեց Ազգային ժողովի նախագահ Նելլի Յարութիւնեան։