Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի Արցախի յանձնաժողովի նախագահ Աշոտ Յարութիւնեան Սեւրի դաշնագրի 106-ամեակին նուիրուած իր ելոյթին մէջ անդրադարձաւ հայ ժողովուրդի պատմական եւ իրաւական իրաւունքներու պաշտպանութեան ու զանոնք միջազգայինացնելու անհրաժեշտութեան։
Ան ընդգծեց Սեւրի դաշնագրի 88-93-րդ յօդուածներուն նշանակութիւնը Հայաստանի համար՝ առանձնացնելով Հայաստանի անկախութեան ճանաչումը եւ սահմաններու որոշման հարցը։ Ելոյթին մէջ անդրադարձ եղաւ նաեւ ԱՄՆ նախագահ Ուուտրօ Ուիլսընի՝ 1920 թուականի Նոյեմբեր 22-ի իրաւարար վճիռին։
Աշոտ Յարութիւնեան շեշտեց, որ հայ ժողովուրդի իրաւունքներու պաշտպանութիւնը պէտք է շարունակուի միջազգային իրաւունքի, դիւանագիտութեան, գիտութեան եւ միջազգային հանրային կարծիքի հարթակներուն վրայ։ Անոր խօսքով՝ անհրաժեշտ է պայքարը չսահմանափակել ռազմական ճանապարհով, այլ զայն փոխադրել երկարաժամկէտ իրաւական եւ քաղաքական դաշտ։
Ելոյթին մէջ կարեւոր տեղ յատկացուեցաւ նաեւ Արցախի հիմնախնդիրին։ Ան նշեց, որ Արցախի հարցը պէտք չէ դուրս մնայ հայկական ազգային օրակարգէն, եւ անհրաժեշտ է միջազգային հարթակներուն վրայ շարունակել բարձրացնել Արցախի հայութեան անվտանգութեան, արժանապատիւ վերադարձի եւ իրաւունքներու պաշտպանութեան հարցերը։
Աշոտ Յարութիւնեանի համոզմամբ՝ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան միջեւ պէտք է դիտարկել ոչ թէ մրցակցութիւն, այլ գործառոյթներու բաժանում՝ մէկ ազգային նպատակի շրջանակին մէջ։ Ան ընդգծեց, որ հայ ժողովուրդը պէտք է համախմբուած եւ կազմակերպուած կերպով շարունակէ իր իրաւունքներու երկարաժամկէտ իրաւական եւ միջազգային պաշտպանութիւնը։
