Կայացած է ԱՀՀ Ազգային ժողովի հերթական 30-րդ նիստը

  • by Editbeglari, July 17, 2024 in Լուրեր
306 դիտում

17 Յուլիս կայացած է ԱՀՀ ԱԺ հերթական նիստը։ Մինչ երեկոյեան կայանալիք նիստը Ազգային ժողովի հայաստանեան պատգամաւորները հանդիպած են Արեւելեան Հայաստանին մէջ գտնուող   Արեւմտեան Հայաստանի Ազգային խորհուրդի Նախագահ Արմենակ Աբրահամեանին  եւ ԱՀՀ Նախագահ Լիտիա Մարկոսեանին հետ։

Քննարկուած են Արեւմտեան Հայաստանին վերաբերող բնիկութեան` ազգային եւ ռազմավարական հարցեր, որտեղ իր մասնակցութիւնն էր բերած Արեւմտեան Հայաստանէն մեզի մօտ գտնուող պատգամաւորներէն մէկը, հանդիպումն անցած է ջերմ մթնոլորտին մէջ։ 

Երեկոյեան արդեն տեղի է ունեցած ԱԺ օրակարգային նիստը։ Առաջին յատուածը ելոյթով հանդէս է եկած ԱՀՀ Նախագահ Լիտիա Մարկոսեան, որը ներկայացուցած է ՄԱԿ-ին մէջ բնիկ  ժողովրդներու հանձնաժողովին աշխատանքներուն իրենց մասնակցութեան, բարձրացուած հարցերու լուծումներէն եւ հնչեցուած պատասխաններէն։  

Օրակարգին երկրորդ յատուածը քննարկուած է մեր բնիկութեան` ՄԱԿ-ին մէջ գենետիկ ռեսուրսներու եւ աւանդական գիտելիքներու մասին Ազգային ժողովի պատգամաւորներու կողմէն որոշման արդիւնքները։ Արմենակ Աբրահամեան ըսած է, որ ՄԱԿ-ին մէջ այդ թեման փակուած չէ։

Նիստին աւարտին քննարկուած են նաեւ շարք մը այլ ընթացիկ հարցեր։