


Արեւմտեան Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Նելլի Յարութիւնեան շնորհաւորական ուղերձ յղած է «Վան» գործողութեան հրամանատար եւ Արցախեան գոյամարտի մասնակից Վազգէն Սիսլեանին՝ ծննդեան տարեդարձին առթիւ։
Իր ուղերձին մէջ Նելլի Յարութիւնեան արժեւորած է Սիսլեանի կամքն ու տոկունութիւնը՝ ընդգծելով, որ անոր պատմական քայլերը մնայուն հետք ձգած են հայ ժողովուրդի պահանջատիրութեան պատմութեան մէջ։ Անոր խօսքով՝ հրամանատարին անցած ուղին այսօր ալ ոգեշնչման աղբիւր է հայրենասէր սերունդներուն համար։
Նելլի Յարութիւնեան Վազգէն Սիսլեանին մաղթած է անսպառ կորով, քաջառողջութիւն եւ երկար, ստեղծագործ ու խաղաղ կեանք։
