2026 թուականի Յուլիս 22-ին առցանց ձեւաչափով գումարուած է Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի (Խորհրդարանի) 26-րդ նիստը։ Նիստին մասնակցած են 52 ընտրուած պատգամաւորներէն 13-ը։
Նիստին ներկայացուած եւ ամփոփուած են ՄԱԿ-ի Բնիկ ժողովուրդներու իրաւունքներու փորձագիտական մեխանիզմի (EMRIP) 19-րդ նստաշրջանին Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան պատուիրակութեան ելոյթներն ու անոնց միջազգային արձագանգը՝ ընդգծելով բնիկ ժողովուրդներու իրաւունքներու պաշտպանութեան միջազգային հարթակին վրայ անոնց կարեւորութիւնը։
Օրակարգին մէջ քննարկուած է նաեւ Ազգային ժողովի պատգամաւոր Կարապետ Կարապետեանի նախաձեռնած ընկերային ծրագիրը, որուն ծիրին մէջ Սեւանայ լիճի ափին հանգիստ կազմակերպուած է տարբեր տարիներու մարտական գործողութիւններու մասնակցած եւ հաշմանդամութիւն ձեռք բերած ազատամարտիկներուն համար։ Նախաձեռնութեան նպատակն էր արժեւորել հայրենիքի պաշտպաններու ծառայութիւնը, ապահովել անոնց հանգիստն ու վերականգնումը, ինչպէս նաեւ շեշտել հասարակութեան հոգատար վերաբերմունքը անոնց հանդէպ։
Նիստի աւարտին Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմենակ Աբրահամեան ամփոփիչ խօսքով անդրադարձած է նիստին քննարկուած հարցերուն եւ յառաջիկայ աշխատանքներու առաջնահերթութիւններուն։
