Մարտ 5-ին տեղի ունեցած է Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի՝ Խորհրդարանի 7-րդ նիստը։ Նիստը կայացած է առցանց ձեւաչափով եւ տեւած է ժամը 21։30-էն մինչեւ 22։15։ Ընտրուած 53 պատգամաւորներէն նիստին մասնակցած է 15-ը։
Օրակարգը ընդունուած է միաձայն։ Քննարկումներու առաջին նիւթը եղած է հայկական հին տոմարով նշուող Հայոց Նոր տարուան՝ Մարտ 21-ի տօնը։ Պատգամաւորները քննարկած են հայկական աւանդական տօները եւ անոնց արարողութիւնները՝ ընդգծելով ազգային արժէքներու պահպանման կարեւորութիւնը։
Նիստին ընթացքին ներկայացուած է նաեւ Արեւմտեան Հայաստանի ոչ նիւթական մշակութային ժառանգութեան պահպանման մասին օրէնքի նախագիծը։ Քննարկման ժամանակ անդրադարձ կատարուած է տարբեր մշակութային արժէքներու, ներառեալ Մարաշի հայկական ասեղնագործութեան ծագման հարցին։
Նիստի աւարտին ամփոփիչ խօսքով հանդէս եկած է Ազգային ժողովի նախագահ Նելլի Յարութիւնեանը։
