Կայացաւ Արեւմտեան Հայաստանի Ազգային ժողովի 27-րդ նիստը

  • by Editbeglari, August 01, 2026 in Լուրեր
77 դիտում

Յուլիս 29-ին առցանց ձեւաչափով կայացաւ Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի (Խորհրդարանի) 27-րդ նիստը։ Քննարկուեցան ՄԱԿ-ի Բնիկ ժողովուրդներու փորձագիտական մեխանիզմի 19-րդ նստաշրջանի արդիւնքները, Արեւմտեան Հայաստանի ամառնային համալսարանական ծրագիրները, ինչպէս նաեւ միջազգային քաղաքական շարք մը հարցեր։

Նիստին ընթացքին ընդգծուեցաւ նաեւ, որ Արեւմտեան Հայաստանի հայկական մշակութային եւ հոգեւոր կեանքը կը շարունակէ պահպանուիլ, ինչ որ կը վկայեն Մալաթիոյ Սուրբ Երրորդութիւն հայկական եկեղեցւոյ մէջ մատուցուած Սուրբ Պատարագն ու կատարուած մկրտութիւնը։ Նիստը ամփոփեց Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմենակ Աբրահամեան։