Մեծարգոյ՛ նախագահ,
Յարգելի՛ պատգամաւորներ, կառավարութեան անդամներ եւ բոլոր անոնք, որոնց հոգիին մէջ կը բաբախէ Միացեալ Հայաստանի գաղափարը,
Այսօր կը նշենք Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի 13-ամեակը՝ մեր պետականութեան եւ ժողովրդավարութեան կարեւորագոյն հաստատութիւններէն մէկուն նշանակալի տարեդարձը։
Իր գործունէութեան տարիներուն ընթացքին Ազգային ժողովը անցած է կարեւոր ուղի մը՝ մեծ ներդրում ունենալով Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան զարգացման, օրէնսդրութեան կատարելագործման, բնիկութեան իրաւունքներու պաշտպանութեան, ժողովրդավարական արժէքներու ամրապնդման եւ քաղաքացիներու շահերու պաշտպանութեան գործին մէջ։
Այս յոբելեանը ոչ միայն առիթ է արժեւորելու ձեռք բերուած յաջողութիւնները, այլեւ հնարաւորութիւն՝ երախտագիտութիւն յայտնելու բոլոր անոնց, որոնք իրենց նուիրումով, աշխատանքով եւ պատասխանատուութեամբ նպաստած են բնիկ խորհրդարանական համակարգի կայացման ու զարգացման։
Յատուկ շնորհակալութիւն կը յայտնենք բոլոր գումարումներու պատգամաւորներուն եւ այս գործին նուիրեալ բոլոր անձերուն, որոնք երբեւէ իրենց ներդրումը ունեցած են Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան խորհրդարանի ամրապնդման գործին մէջ։
Վստահ ենք, որ Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովը նաեւ յառաջիկային պատուով պիտի շարունակէ իր բարձր առաքելութիւնը՝ յանուն պետութեան զարգացման, ժողովուրդի բարօրութեան եւ գալիք սերունդներու ապագային։
Կը մաղթեմ բոլորիդ կամք, ուժ, տոկունութիւն, հաստատամտութիւն եւ նոր յաջողութիւններ՝ ի շահ մեր բնիկութեան, հայրենիքին եւ ազգային նպատակներուն։
Շնորհակալութիւն բոլորիդ։
