Արմենակ Աբրահամեան եւ ԱԺ պատգամաւորներ այցելեցին Եռաբլուր 

  • by WesternArmenia, October 05, 2026 in Լուրեր
137 դիտում

Հոկտեմբեր 4-ին Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմենակ Աբրահամեան Ազգային ժողովի պատգամաւորներու պատուիրակութեան հետ այցելեց Եռաբլուր զինուորական պանթէոն։

Պատուիրակութեան անդամները յարգանքի տուրք մատուցեցին Հայրենիքի պաշտպանութեան համար իրենց կեանքը զոհաբերած հայ մարտիկներու յիշատակին՝ ծաղիկներ խոնարհելով անոնց շիրիմներուն։