Արմենակ Աբրահամեան յարգանքի տուրք մատուցեց Հայերու ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին

  • by WesternArmenia, October 07, 2026 in Լուրեր
125 դիտում

Հոկտեմբեր 6-ին Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմենակ Աբրահամեան, Ազգային ժողովի պատուիրակութեան ընկերակցութեամբ, յարգանքի տուրք մատուցեց Արեւմտեան Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին։

Պատուիրակութիւնը հետեւեցաւ նաեւ յուշահամալիրի տարածքին իրականացուող շինարարական աշխատանքներուն՝ ծանօթանալով կատարուող աշխատանքներուն եւ առկայ գործընթացին։

Ծիծեռնակաբերդը, որպէս հայ ժողովուրդի յիշողութեան եւ ազգային պահանջատիրութեան խորհրդանիշ, կը շարունակէ մնալ կարեւոր վայր՝ ոգեկոչելու Արեւմտեան Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի պատմական ողբերգութեան զոհերուն յիշատակը։