Արմենակ Աբրահամեան շնորհաւորած է Վազգէն Սիսլեանը  

  • by WesternArmenia, November 03, 2026 in Լուրեր
102 դիտում

Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմենակ Աբրահամեան շնորհաւորական ուղերձ յղած է լեգենդար «Վան» գործողութեան հրամանատար եւ Արցախեան ազատամարտի մասնակից Վազգէն Սիսլեանին՝ ծննդեան տարեդարձին առթիւ։

Իր ուղերձին մէջ նախագահը ջերմօրէն շնորհաւորած է յոբելեարը եւ ընդգծած անոր բացառիկ դերն ու ներդրումը հայ ազատագրական պայքարի նորագոյն պատմութեան մէջ։ Ան բարձր գնահատած է Սիսլեանի հայրենանուէր ուղին՝ նշելով, որ անոր կերպարը կը խորհրդանշէ Հայ Դատի աննկուն պայքարը։

Ուղերձին աւարտին Արմենակ Աբրահամեան Վազգէն Սիսլեանին մաղթած է քաջառողջութիւն, երկար կեանք եւ անսասան ոգի՝ հայրենիքի հզօրացման համար։