Մոռցուած տարեդարձ․ ինչո՞ւ չնշուեցաւ Զօրավար Անդրանիկ Օզանեանի օրը․ Արմենակ Աբրահամեան

  • by Editbeglari, March 04, 2026 in Լուրեր
125 դիտում

Երբ խօսքը կը վերաբերի ազգային յիշողութեան, լռութիւնը երբեմն աւելի խօսուն է, քան ամենաբարձր յայտարարութիւնները։ Այս օրերուն շատեր կը հարցնեն՝ ինչո՞ւ մեր հայրենակիցներու մէկ մասը չնշեց Անդրանիկ Օզանեանի ծննդեան օրը։

Զօրավար Անդրանիկ Օզանեանը պարզապէս պատմական կերպար մը չէ։ Ան հայկական զինուժի կազմակերպուած դիմադրութեան խորհրդանիշներէն է՝ մարդ մը, ով իր զօրքերով ու կամաւորական գունդերով կռուեցաւ Արեւմտեան Հայաստանի մէջ եւ դարձաւ ազգային ինքնապաշտպանութեան գաղափարի մարմնաւորումը։

Այսօր յաճախ կը շեշտուի, որ Հայաստանի Հանրապետութեան բանակը 34 տարեկան է։ Սակայն արդեօք հայկական զինուժի պատմութիւնը կը սկսի միայն անկախ պետականութեան վերականգնումէն ետք։ Եթէ բանակը ներկայացուի որպէս ընդամէնը 34 տարուան կառոյց, ապա ի՞նչ տեղ ունի այդ պատմութեան մէջ Զօրավար Անդրանիկ Օզանեանը։ Արդեօ՞ք ան կը մնայ միայն դասագրքային հերոս, թէ՞ կենդանի օրինակ՝ պետականութեան պաշտպանութեան համար։

Պէտք է ընդունիլ՝ ազգային օրակարգը կը ձեւաւորուի մեր իսկ ձեռքով։ Եթէ մենք բաւարար չափով չենք բարձրաձայներ Անդրանիկ Օզանեանի դերը, եթէ զինք չենք ներկայացներ որպէս պետական մտածողութեան եւ ռազմական կազմակերպուածութեան խորհրդանիշ, ապա մեղքը միայն արտաքին հանգամանքներուն վրայ դնելը արդար չէ։

Ազգը կարիք ունի իր հերոսները յիշելու ոչ միայն տարեդարձերուն, այլ նաեւ արժէքային մակարդակի վրայ։ Անդրանիկ Օզանեանի կերպարը կը յիշեցնէ, որ պետականութիւնը կը պաշտպանուի պատրաստուածութեամբ, կազմակերպուածութեամբ եւ պատասխանատուութեամբ։

Երեւի խնդիրը մոռացութի՞ւնն է։ Հնարաւո՞ր է առաջնահերթութիւններու խեղաթիւրումը։ Ամէն պարագայի, եթէ կ՚ուզենք ունենալ սերունդ մը, որ պատրաստ է պաշտպանելու իր պետութիւնը, պէտք է պահպանենք եւ ամրապնդենք այն յիշողութիւնը, որուն վրայ կը կառուցուի ինքնութիւնը։

Հարցը բաց է, բայց մէկ բան յստակ է՝ ազգային հերոսներու յիշատակը պատահականութեան պէտք չէ ձգել։